Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան, ԱՄՆ Եւ Ֆրանսա Դարձած Են Հնդկական Պաշտպանական Արտադրանքի Խոշորագոյն Ներկրողները․ The Times of India

Հայաստան, ԱՄՆ Եւ Ֆրանսա Դարձած Են Հնդկական Պաշտպանական Արտադրանքի Խոշորագոյն Ներկրողները․ The Times of India

by MassisPost

Հայաստան, ԱՄՆ եւ Ֆրանսան2023-2024 ֆինանսական տարուան մէջ դարձած են հնդկական պաշտպանական արտադրանքի խոշորագոյն ներկրողները, կը յայտնէ «The Times of India» պարբերականը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները։

Լրատուամիջոցին փոխանցմամբ, հնդկական պետական եւ մասնաւոր ընկերութիւնները զէնքի, զինամթերքի եւ սարքաւորումներու լայն տեսականի կ’արտահանեն ընդհանուր առմամբ շուրջ 100 երկիր։

Անցեալ տարի, ըստ աղբիւրին, վաճառքը կազմած է 2,6 միլիառ տոլար։

Հրապարկման համաձայն, Հայաստանը վերջին չորս տարուայ ընթացքին շարք մը գործարքներ կնքած է Հնդկաստանի հետ՝ հրթիռներու, հրետանիի, հրթիռային համակարգերու, ռատարներու, զրահաբաճկոններու եւ գիշերային տեսողութեան սարքերու, ինչպէս նաեւ զինամթերքի եւ հրետանիի լայն տեսականի ներկրելու համար։

«The Times of India»-ն կը նշէ, որ Հայաստան դարձած է հնդկական արտադրութեան «Աքաշ» ՀՕՊ հրթիռներու առաջին օտարերկրեայ գնորդը։

Երեւանն ու Տելհին բաց կը յայտարարեն, որ 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ կը համագործակցին պաշտպանական ոլորտին մէջ, սակայն գնումներու տեսակն ու ծաւալները չեն բացայայտուիր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment