Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Իլհամ Ալիեւ Ի՞նչ Քննարկած Են Քազանի Մէջ

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Իլհամ Ալիեւ Ի՞նչ Քննարկած Են Քազանի Մէջ

by MassisPost

2024 թուականի Հոկտեմբեր 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպած են Ռուսաստանի Դաշնութեան Քազան քաղաքին մէջ՝ BRICS-ի 16-րդ գագաթաժողովի ծիրին մէջ։

Կողմերը քննարկած են երկկողմ խաղաղութեան օրակարգի յառաջմղման վերաբերող հարցեր՝ ներառեալ խաղաղութեան պայմանագիրը, սահմաններու սահմանազատումը, սահմանագծումը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։

Արտաքին գործերու նախարարներուն յանձնարարուած է շարունակել «խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագրին շուրջ երկկողմ բանակցութիւնները՝ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտի մէջ զայն վերջնականացնելու եւ կնքելու նպատակով։

ՊՐԻՔՍ-16-րդ գագաթաժողովի ծիրին մէջ առանց միջնորդի հանդիպում ունեցած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որուն մասնակցած են նաեւ երկու կողմի առաջին փոխվարչապետներն ու արտաքին գործերու նախարարները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment