«Հայաստանը միջազգային իրաւունքի, իր ինքնիշխանութեան եզրագծին եկել եւ կանգնել է եւ այլեւս զիջումների տեղ չունի»:
«Ազատութեան» տուած հարցազրոյցին այս մասին ըսած է հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան:
Ան այսպէս պատասխանած է լրագրողի դիտարկման առ այն, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման գործընթացին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու ծիրին մէջ կարծիք կը հնչէ, որ տուեալ իրավիճակէն ելքը կրնայ ըլլալ Հայաստանի կողմէ յաւելեալ զիջումները:
«Ի՞նչ զիջումների մասին է խօսքը. Հայաստանը միջազգային իրաւունքի, իր ինքնիշխանութեան եզրագծին եկել եւ կանգնել է եւ այլեւս զիջումների տեղ չունի»,- նշած է Սիմոնեան։
Ան նաեւ յաւելած է, որ չի համարեր, որ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու գործընթացը փակուղիի մէջ է։
«Նաեւ պէտք է թոյլ չտանք, որ այդ գործընթացը մտնի փակուղի։ Եւ դա այն է, ինչ ուզում են այն մարդիկ, այն պետութիւնները, որոնք թշնամաբար են տրամադրուած Հայաստանի եւ մի գուցէ Ատրպէյճանի նկատմամբ»,- ըսած է Սիմոնեան: