Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանէն Նախիջեւան Փոխադրութեան Միջանցքը Կրնայ Անցնիլ Ինչպէս Իրանի, Այնպէս Ալ ՀՀ Տարածքով․ Թուրքիոյ Փոխադրութեան Նախարար

Ատրպէյճանէն Նախիջեւան Փոխադրութեան Միջանցքը Կրնայ Անցնիլ Ինչպէս Իրանի, Այնպէս Ալ ՀՀ Տարածքով․ Թուրքիոյ Փոխադրութեան Նախարար

by MassisPost

Ատրպէյճանի արեւելեան շրջաններէն դէպի Նախիջեւան փոխադրութեապն միջանցքը կրնայ անցնիլ ինչպէս Իրանի, այնպէս ալ Հայաստանի տարածքով, «Kanal7»-ի հետ զրոյցին յայտնած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն՝ նշելով՝ առաջին պարագային խօսքը 61 քմ երթուղիին մասին է, երկրորդ պարագային՝ մօտ 43 քիլոմեթրի։

Անկախ երթուղիի վերջնական որոշումէն, ըստ թուրք նախարարին, փոխադրութեան եւ լոկիսթիկ հաղորդակցութիւններ այնուամենայնիւ պիտի ստեղծուին։

«Այսպէս թէ այնպէս, մենք այս նախագիծը կ’իրականացնենք Ատրպէյճանի հետ միասին։ Որոշակի խնդիրներ կան, բայց անոնք կրնան լուծուիլ յառաջիկային։ Ժամանակի հարց է»,- ըսած է Ուրալօղլուն։

Թուրք նախարարին խօսքով՝ որեւէ երկիր պէտք չէ դէմ ըլլայ իր տարածքը Փեքինը Լոնտոնին կապող միջազգային փոխադրութեան զարկերակի վերածելուն։ «Պարզապէս անխոհեմ է նման գաղափարին ընդդիմանալը»,- ընդգծած է Ուրալօղլուն՝ շեշտելով, որ թէեւ Անքարան ուղղակիօրէն չի մասնակցիր Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու վերականգնման բանակցութիւններուն, սակայն մշտական կապի եւ համակարգման մէջ է Պաքուի հետ։

Անդրադառնալով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» ստեղծման հարցով Իրանի բացասական դիրքորոշման՝ Ուրալօղլուն կարծիք յայտնած է, թէ «Իրանի կողմէ այս հարցի մերժման պատճառը հնարաւոր է բացառապէս իրանեան տարածքով միջանցք ստեղծելու Թեհրանի ցանկութեան մասին է»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment