Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԱՄՆ-ի Մէջ Տեղի Ունեցած Է ԵՊՀ Շրջանաւարտներու Առաջին Հաւաքը

ԱՄՆ-ի Մէջ Տեղի Ունեցած Է ԵՊՀ Շրջանաւարտներու Առաջին Հաւաքը

by MassisPost

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ «ԵՊՀ բարեկամներ» հիմնադրամի Կառավարման խորհուրդի նախագահ, ԵՊՀ շրջանաւարտ ու երկարամեայ դասախօս, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Բայբուրդեանի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, ԱՄՆ-ի Պըրպանք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է ԵՊՀ շրջանաւարտներու առաջին հաւաքը՝ արժեւորելու համալսարանին ժառանգութիւնը եւ քննարկելու յառաջիկայ ընելիքները։

«ԵՊՀ բարեկամներ» հիմնադրամը նախաձեռնութիւն է, որ ստեղծուած է համախմբելու տարբեր ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալած ամերիկահայ մասնագէտներու միջոցները՝ աջակցելու ԵՊՀ-ի մէջ իրականացուող կրթական, հետազօտական ​​եւ ենթակառուցուածքային ծրագրերուն:
Շրջանաւարտներու առաջին հաւաքի բացման «ԵՊՀ բարեկամներ» հիմնադրամի համահիմնադիր, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան փաստեց, որ նորաստեղծ այս նախաձեռնութիւնը նուիրումով ու սիրով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ նպաստելով ինչպէս համալսարանի, այնպէս ալ երկրի զարգացման։

Այնուհետեւ, «ԵՊՀ բարեկամներ» հիմնադրամի Կառավարման խորհուրդի նախագահ, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Բայբուրդեան հաւաքի մասնակիցներուն ներկայացուց հիմնադրամին գործունէութիւնը՝ ընդգծելով շրջանաւարտներուն եւ համալսարանին միջեւ հաղորդակցութեան խթանման կարեւորութիւնը. «Համակարգուած հաղորդակցութիւնը շահաւէտ է ոչ միայն շրջանաւարտներուն համար, քանի որ այն կը ստեղծէ վստահելի ու արհեստավարժ մասնագէտներու համայնք, այլեւ մեր կրթօճախին համար՝ հանդիսանալով աջակցութեան ու զարգացման ամուր լծակ»:

Շրջանաւարտներու հաւաքին տեսաուղերձով մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը յղեց ԵՊՀ տնօրէն Յովհաննէս Յովհաննիսեանը՝ փաստելով, որ բոլոր համալսարանականները, անկախ անկէ, թէ ուր են եւ ինչ գործով կը զբաղին, շկը արունակեն միասին ձեւաւորել ԵՊՀ պատմութիւնը. «Այս հաւաքն էլ դրա լաւագոյն ապացոյցն է։ ԵՊՀ-ն այսօր անցնում է վերափոխման մի նոր փուլ, որտեղ ձեր աջակցութիւնը՝ թէ՛ մասնագիտական խորհուրդներով, թէ՛ տարբեր նախագծերում մասնակցութեամբ, անչափ կարեւոր է»:

Անոր խօսքով այս հաւաքը նաեւ հնարաւորութիւն է մասնակիցներուն համար վերստին կապ հաստատելու իրենց ընկերներու հետ եւ քննարկելու ու սահմանելու, թէ ինչ նոր հնարաւորութիւններ կրնայ ստեղծել համալսարանը իրենց համար. «Վստահ եմ, որ այս հանդիպումը կը լինի միայն սկիզբը շատ այլ գեղեցիկ նախաձեռնութիւնների, որոնք միասին կեանքի կը կոչենք»:

Միջոցառման ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ ԵՊՀ շրջանաւարտներ՝ «SADA Systems» ընկերութեան հիմնադիր Յովիկ Սաֆոյեանը, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Նազելի Համբարձումեանը, իրաւաբաններ Հայկ Մամաջանեանը, Ստեփան Խզրթեանը, Մերի Խաչատրեանը, գրող Մարգարիտ Դերանցը, միջոցառման հիւրընկալ, բարերար Օհան Ղարիպեանը եւ ուրիշներ, յայտնելով իրենց աջակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտօնապէս միանալով շրջանաւարտներու ցանցին։

Տեղեկացնենք նաեւ, որ շրջանաւարտներու հաւաքին ներկայ էին նաեւ հիմնադրամի խորհուրդի անդամներ Սիլվա Գարայեանը, Սիլվանա Վարդանեանը, Ռուբէն Աւշարեանը եւ Վահէ Սարգսեանը։ Միջոցառման կայացման իրենց աջակցութեամբ նպաստած էին հայ բարերարներ Օհան եւ Թոնի Ղարիպեանները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment