Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուս Սահմանապահները Յունուար 1-էն Պիտի Հեռանան Հայաստան-Իրան Սահմանի Հսկիչ Կէտէն

Ռուս Սահմանապահները Յունուար 1-էն Պիտի Հեռանան Հայաստան-Իրան Սահմանի Հսկիչ Կէտէն

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսաստանի նախագահին՝ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, որ 2025 թուականի Յունուար 1-էն Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Թուրքիա պետական սահմանի պահպանութեան պիտի մասնակցին նաեւ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Սահմանապահ զօրքերը, իսկ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի հսկիչ-սահմանային կէտին վրայ ծառայութիւնը ամբողջութեամբ պիտի իրականացուի ՀՀ ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերու ուժերով։ Այս մասին հաղորդած է ՀՀ վարչապետի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը:

Նիկոլ Փաշինեան Վլատիմիր Փութինին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Հայաստան-Իրան պետական սահմանի հսկիչ-սահմանային կէտին վրայ ՌԴ ԱԴԾ Սահմանապահ զօրքերու իրականացուցած ծառայութեան համար, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Այս տարուայ Օգոստոս 1-էն ռուս սահմանապահները դուրս եկած են Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն:

 

 

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment