Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ-ի Մէջ Սուտ Որակած Են ՌԴ ԱԴԾ Ղեկավարին Յայտարարութիւնները Հարաւային Կովկասի Մէջ Արեւմուտքի Նպատակներուն Վերաբերեալ

ԵՄ-ի Մէջ Սուտ Որակած Են ՌԴ ԱԴԾ Ղեկավարին Յայտարարութիւնները Հարաւային Կովկասի Մէջ Արեւմուտքի Նպատակներուն Վերաբերեալ

by MassisPost

Եւրոմիութեան Արտաքին Քաղաքական Ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փիթըր Սթանօն արձագանգած է Ռուսաստանի Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան ղեկավար Ալեքսանտր Պորթնիքովի յայտարարութեան, թէ Արեւմուտքը Հայաստանը կը մղէ ձգձգել Պաքուի հետ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները եւ մտադիր է գլխաւորել հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացն ու ՆԱԹՕ-ի զօրախումբ տեղակայել Հարաւային Կովկասի մէջ։

Պատասխանելով Պորթնիքովի յայտարարութիւններուն վերաբերեալ «Արմենփրես»ի  թղթակիցին հարցին՝ Սթանօն նշած է, որ ՌԴ Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան ղեկավարի մեկնաբանութիւնները անիմաստ են։ «Այս մեկնաբանութիւնները ամբողջութեամբ անիմաստ են, ռուսական վարչակարգին բնորոշ սուտ, որ կը փորձէ քօղարկել Հայաստանին տուած խոստումներու եւ անոր նկատմամբ պարտաւորութիւններու կատարման կրկնուող ձախողումները»,- յայտնած է Սթանօն։

Ռուսաստանի Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան ղեկավար Ալեքսանտր Պորթնիքովը ԱՊՀ երկիրներու անվտանգութեան մարմիններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին ժամանակ յայտնած է, որ Արեւմուտքը կը փափաքի ՆԱԹՕ-ի խօրախումբ տեղակայել Հարաւային Կովկասի մէջ իբր Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման օգնելու համար։ Ան յայտնած է, որ «ամերիկացիներն ու եւրոպացիները շահագրգռուած  չեն Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատմամբ։  «Երեւանը մղելով Պաքուի հետ բանակցութիւնները ձգձգելուն՝ Արեւմուտքը կը փորձէ գլխաւորել հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացը եւ հասնիլ տարածաշրջանին մէջ սեփական «խաղաղապահ» զօրախումբի տեղակայման՝ տէ իւրէ ՄԱԿ-ի, իսկ տէ ֆաքթօ՝ ՆԱԹՕ-ական»,- յայտնած է Պորթնիքովը։

ՌԴ Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան ղեկավարը նաեւ կրկնած է անհիմն մեղադրանքները այն մասին, թէ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը հետախուզական աշխատանք կ’իրականացնէ ՆԱԹՕ-ի երկրի համար՝ ընդդէմ Ռուսաստանի եւ անոր գործընկերներուն։

Ան նաեւ յայտնած է, որ «Արեւմուտքը կը փափաքի հասնիլ ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս գալուն՝ անոր դիմաց խոստանալով զէնքի արտօնեալ մատակարարումներ եւ անվտանգութեան երաշխիքներ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment