ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքըն բարձր գնահատած է յառաջընթացը, որ ձեռք բերուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ճանապարհին, եւ երկու երկիրներուն հետագայ յառաջընթացի կոչ ըրած է՝ որքան հնարաւոր է շուտ հասնելու խաղաղութեան համաձայնագրին։ Այս մասին ըսուած է Պետական Քարտուղարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Պետական քարտուղարը ընդգծած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը տարածաշրջանին պիտի բերէ կայունութիւն եւ բարգաւաճում։
Յիշեցնենք, որ երէկ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի բարձր մակարդակի շաբթուայ շրջանակներուն մէջ, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքեն եռակողմ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։