Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը «Ամերիկեան Երկիրներու Մրցունակութեան Փոխանակում» Ծրագրի Հիւրընկալող Երկիրն Է

Հայաստանը «Ամերիկեան Երկիրներու Մրցունակութեան Փոխանակում» Ծրագրի Հիւրընկալող Երկիրն Է

by MassisPost

Հայաստանը «Ամերիկեան երկիրներու մրցունակութեան փոխանակում» (ACE Armenia) ծրագրի հիւրընկալող երկիրն է։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Տնտեսութեան նախարարութենէն:

Սեպտեմբեր 30-էն Հոկտեմբեր 4 Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ACE Armenia ծրագիրը պիտի միաւորէ հեղինակաւոր բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներ, առեւտրային առաջնորդներ, քաղաքականութիւն մշակողներ եւ ձեռներէցներ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան անդամ երկիրներէ:

Ծրագիրը կ’իրականացուի Հայաստանի կառավարութեան եւ ԱՄՆ կառավարութեան աջակցութեամբ եւ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան (OAS) հովանիին ներքոյ՝ ծառայելով որպէս տնտեսական զարգացման, նորարարութեան եւ ձեռնարկատիրական համագործակցութեան խթանման հարթակ:

ACE Armenia ծրագրին նպատակն է դիւրացնել երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը մասնակից երկրներու եւ Հայաստանի միջեւ՝ կեդրոնանալով այնպիսի ոլորտներու վրայ, ինչպիսիք են կայուն գիւղատնտեսութիւնը, տեղեկատուական եւ հաղորդակցական արհեստագիտութիւնները, վերականգնուող ուժանիւթը, ՍԹԵՄ կրթութիւնը եւ գինեգործութիւնը:

Միջոցառման ընթացքին կը նախատեսուին քննարկումներ, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ տարբեր կազմակերպութիւններ: Մէկ շաբթուայ ընթացքին պիտի արծարծուին կենսունակ նորարարական բնապահպանական համակարգերուն, արհեստագիտական յառաջընթացին, գիւղատնտեսական արդի համակարգերուն եւ մշակութային ժառանգութեան առնչուող թեմաներ: Ծրագիրը պիտի ընդգծէ Հայաստանի՝ որպէս տարածաշրջանին մէջ արհեստագիտութիւններու, ստեղծարարութեան եւ ձեռներէցութեան կեդրոնի դերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment