«Եթէ այդ ճանապարհը բացուի, կա՛մ թուրանական ճանապարհը պիտի ըլլայ, կա՛մ ռուսական ճանապարհը, եւ այն Հայաստանի վերջը պիտի ըլլայ, եւ Հայաստանը Պելառուսիոյ պէս երկիր պիտի դառնայ»,- «Ազատութեան» տուած հարցազրոյցին ըսաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի նախկին պատգամաւոր Կարօ Փայլանը՝ պատասխանելով այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի շուրջ վերջին զարգացումներու վերաբերեալ հարցումին:
«Սա պէտք է մեր կարմիր գիծը ըլլայ, որովհետեւ այդ պայմանագրին մէջ երկու բան կար՝ եթէ մենք Արցախի հետ ճանապարհ ունենայինք, այդպիսի ճանապարհ կրնար ըլլալ, բայց անկարելի է հիմա՝ Արցախը կորսնցուցինք»,- ընդգծեց Փայլան:
Փայլանի համոզմամբ, Ռուսաստանը հիմա օրակարգ ունի՝ «Հայաստանը դարձեալ երեսը դարձնէ դէպի Մոսկուան»: «Եւ մէկ ուժին պէտք չէ, որ վստահինք, արդէն մենք այդ սխալը ըրինք՝ միայն Ռուսաստանին վստահեցանք եւ կորսնցուցինք»,- ընդգծեց Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւորը:
Հարցումին՝ «ի՞նչ կ’ուզէ Ալիեւը, ինչո՞ւ չ’երթար խաղաղութեան եւ միայն անընդհատ պատրուակներ, նախապայմաններ կ’առաջադրէ», Փայլան արձագանգեց. «Որովհետեւ Ալիեւի ամենամեծ վախը խաղաղութեան պայմանագիրն է: Ինչո՞ւ՝ այսպիսի մենատիրական նախագահները թշնամիի կարիք ունին: Ինչպէ՞ս շինեց Ալիեւը իր իշխանութիւնը՝ թշնամութեամբ: Այս ատելութեամբ Ալիեւը կրնայ իշխել Ատրպէյճանի մէջ: Եթէ պայմանագիրը ստորագրուի, խաղաղութիւնը ապահովենք, անկէ յետոյ ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ Ատրպէյճանի ժողովուրդը պիտի հարցնէ Ալիեւին՝ «ինչո՞ւ հայերը հարուստ են, եւ ինչո՞ւ մենք հիմա աղքատ ենք», եւ անոր պատասխանը չունի Ալիեւը»:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւններուն, թէ Հայաստանի հետ կարգաւորում պիտի չըլլայ, մինչեւ Երեւանը չհաշտուի Պաքուի հետ, Կարօ Փայլան ընդգծեց. «Գիտէ՞ք, սա պատրուակ է: 30 տարի ի վեր գիտէք պատրուակը ինչ էր՝ Հայաստանը գրաւեց Ատրպէյճանի տարածքը, եթէ ատիկա վերջանայ, մենք սահմանը կրնանք բանալ: Արդէն այդ վերջացած է՝ մեծ աղէտներով, բայց հիմա նոր պատրուակ գտաւ Ալիեւը, ի՞նչ է՝ Սահմանադրութիւնն կ’ըսէ, Էրտողանն ալ կ’ըսէ՝ եթէ Ալիեւը չստորագրէ պայմանագիրը, մենք պիտի չբանանք»: