Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ ՄԶԳ Յաւելեալ Ֆինանսաւորումը Պիտի Օգնէ Ամրապնդել Հայաստանի Ժողովրդավարութիւնը. Փալոն

ԱՄՆ ՄԶԳ Յաւելեալ Ֆինանսաւորումը Պիտի Օգնէ Ամրապնդել Հայաստանի Ժողովրդավարութիւնը. Փալոն

by MassisPost

ԱՄՆ գոնկրէսական Ֆրենք Փալոն ողջունած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած ամերիկեան վարչակազմին ջանքերը:

«Ուրախ եմ տեսնել, որ Պայտըն-Հարրիս վարչակազմը կը շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած ջանքերը՝ կրկնապատկելով իր օգնութեան փաթեթը ԱՄՆ ՄԶԳ-ի միջոցով: Այս յաւելեալ ֆինանսաւորումը պիտի օգնէ ամրապնդել Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը, անոր տնտեսական եւ անվտանգային անկախութիւնը»,- «X»-ի իր էջով գրած է Փալոն:

Սեպտեմբեր 11-ին Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը կարեւոր քայլ կատարած են իրենց գործընկերութեան մէջ՝ փոփոխութիւններ կատարելով համատեղ զարգացման դրամաշնորհային համաձայնագրին մէջ՝ ԱՄՆ ՄԶԳ-ի գնահատուած ներդրումը 120 միլիոն տոլարէն հասցնելով 250 միլիոն տոլարի եւ ընդլայնելով համագործակցութեան ու օգնութեան ոլորտները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment