Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուս Սահմանապահներու Դուրսբերումը Իրանի Եւ Թուրքիոյ Հետ Սահմաններէն Անտեղի Է ՀՀ Անվտանգութեան Տեսանկիւնէն. Զախարովա

Ռուս Սահմանապահներու Դուրսբերումը Իրանի Եւ Թուրքիոյ Հետ Սահմաններէն Անտեղի Է ՀՀ Անվտանգութեան Տեսանկիւնէն. Զախարովա

by MassisPost

Քանի դեռ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ ամբողջութեամբ չէ կարգաւորուած, ռուս սահմանապահներու դուրսբերումը Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմաններէն անտեղի է Հայաստանի անվտանգութեան տեսանկիւնէն։ Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ մեկնաբանելով Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութիւնը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է մտածեն Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմաններուն ռուս սահմանապահներու ներկայութեան նպատակայարմարութեան շուրջ:

«Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ Ալէն Ռոպերթովիչը այնքան ալ ուշադիր չէ հետեւած Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի ասուլիսին։ 1992 թուականին Հայաստանի մէջ ռուս սահմանապահներու ներկայութիւնը կարգաւորող հիմնական փաստաթուղթը հանրապետութեան մէջ ռուսական սահմանապահ զօրքերու կարգավիճակի մասին անժամկէտ պայմանագիրն է։ Ռուս սահմանապահները բազմիցս ապացուցած են իրենց ներկայութեան կարեւորութիւնը»,- ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Զախարովան՝ ընդգծելով, որ այս ոլորտներուն մէջ եղած է բեղմնաւոր, լայնածաւալ փոխգործակցութիւն, ինչ որ, անոր ձեւակերպմամբ՝ «կարծես կը ջղայնացնէ Երեւանի որոշ քաղաքական գործիչներուն»:

Ռուսաստանի ԱԳՆ ներկայացուցիչը զգուշացուցած է, որ հարեւաններուն հետ անկայուն յարաբերութիւններու պայմաններու մէջ արժէ մտածել անվտանգութեան մասին։

«Մարդիկ, ովքեր փորձագէտ չեն, փափուկ բազմոցին նստած ազատ կ’արտայայտուին այս թեմայով, երեւի աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ խօսքը տալ անոնց, որոնք իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնեն», – ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment