Կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար Արմէն Աշոտեանը ազատ արձակուած է Նուպարաշէն քրէակատարողական հիմնարկէն:
Փաստաբանները լրագրողներուն տեղեկացուցած են, որ պէտք չէ սպասել Աշոտեանի ազատ արձակման, անոր տուն պիտի տեղափոխեն ՔԿՀ-ի աշխատակիցները։
Նշենք, որ դատարանի որոշմամբ՝ Արմէն Աշոտեանի դէմ դատավարութիւնը պիտի շարունակուի տնային կալանքի պայմաններու մէջ։
Դատարանը Արմէն Աշոտեանի խափանման միջոցին վերաբերեալ որոշում կայացուցած է, ըստ որուն՝ անոր նկատմամբ տնային կալանք կիրառուած է եւ սահմանուած է 25 միլիոն դրամ գրաւ։
Ըստ իրաւապահներու՝ Աշոտեանը կազմակերպած է «Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարան» արհեստակցական կազմակերպութեան անդամավճարներէ հաւաքուած եւ այդ կազմակերպութեան փոխանցման ենթակայ աւելի քան 185,5 միլիոն դրամի յափշտակութիւնը: Տարբեր յանցաւոր արարքներու հետեւանքով «Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարան» հիմնադրամին պատճառուած է առանձնապէս մեծ չափերով՝ ընդհանուր 38.658.200 (38 միլիոն 658 հազար 200) դրամի գոյքային վնաս:
Ի յաւելում հրապարակած հաղորդագրութեան՝ ՀՀ Քննչական Կոմիտէն Աշոտեանի մասնակցութեամբ ձայնագրութիւն հրապարակած էր: