Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հրապարակուած Է Հայաստանի Ինքնիշխան Վարկանիշը

Հրապարակուած Է Հայաստանի Ինքնիշխան Վարկանիշը

by MassisPost

S&P Global Ratings միջազգային վարկանիշային կազմակերպութիւնը Օգոստոս 23-ին հրապարակած է Հայաստանի ինքնիշխան վարկանիշը, որ մնացած է անփոփոխ «BB-/B» մակարդակին վրայ: Այս մասին յայտնած է Կեդրոնական դրամատունը։

Պահպանուած է նաեւ վարկանիշի «կայուն» հեռանկարի գնահատականը:

Հայաստանի վարկանիշը սահմանափակուած է հետեւեալ գործօններով՝ երկրի տկար, սակայն աստիճանաբար բարելաւուող, հաստատութենական շրջանակը, մէկ շունչին հասնող եկամուտներու չափաւոր մակարդակը, վճարային հաշուեկշիռի եւ հարկապիւտճէական խոցելիութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական վտանգներու առկայութիւնը:

Գնահատականներուն համար դրական ազդեցութիւն ունին Հայաստանի տնտեսական աճի ուժեղ հեռանկարը, պետական պարտքի չափաւոր մակարդակը, արտաքին պաշտօնական ֆինանսաւորման հասանելիութիւնը եւ խելամիտ քաղաքականութեան շրջանակը, որ պահպանած է տնտեսական եւ ֆինանսական կայունութիւնը բազմաթիւ արտաքին ցնցումներու պարագային:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment