ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Ըստ հայկական կողմին՝ Փութինը Փաշինեանին տեղեկացուցած է նախորդ շաբաթ Ատրպէյճան կատարած իր այցի տպաւորութիւններուն մասին։
Զրուցակիցները պայմանաւորուած են յառաջիկայ պատեհ առիթով հանդիպիլ Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմ օրակարգի հարցեր քննարկելու համար։
Ռուսական կողմը, իր հերթին, կը նշէ, որ Հայաստանի ու Ռուսաստանի ղեկավարները քննարկած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցեր, այդ շարքին՝ հաշուի առնելով Պաքուի մէջ Ալիեւի հետ Փութինի բանակցութիւնները։
Ռուսաստանի նախագահը վերահաստատած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման, սահմաններու սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացի խթանման, ինչպէս նաեւ կապուղիներու ապաշրջափակման գործին մէջ Մոսկուայի աջակացութեան պատրաստակամութիւնը։