Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Կը Հաստատէ, Որ Հայաստանը Դիմած Է «Միջուկային Համաձայնագրին» Միանալու Համար

ԱՄՆ Կը Հաստատէ, Որ Հայաստանը Դիմած Է «Միջուկային Համաձայնագրին» Միանալու Համար

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները կ’ուսումնասիրէ Հայաստանի դիմումը՝ միանալու «123-րդ համաձայնագրին», որուն հաստատման պարագային Հայաստանը կրնայ ստանալ ամերիկեան քաղաքացիական միջուկային արհեստագիտութիւններ․ այս մասին «Սիվիլնեթ»ին տուած գրաւոր մեկնաբանութեան մէջ ըսած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը։

ԱՄՆ դաշնային օրէնքին համաձայն՝ ԱՄՆ կառավարութիւնը պէտք է ստորագրէ Միացեալ Նահանգներու հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան արձանագրութեան 123-րդ բաժինը, որ կը սահմանէ այլ երկիրներու քաղաքացիական միջուկային արհեստագիտութիւններ փոխանցելու անհրաժեշտ պայմանները։ ԱՄՆ-ն նման գործարքներ ունի 48 երկիրներու եւ տարածքներու հետ՝ ըստ Պետական Քարտուղարութեան 2022-ին թարմացուած տուեալներուն:

Եթէ Հայաստանը միանայ «123-րդ համաձայնագրին», այդ կրնայ ճանապարհ հարթել Հայաստանի մէջ ամերիկեան արհեստագիտութիւններով նոր աթոմակայան նախագծելու եւ կառուցելու համար, որ պիտի փոխարինէ Մեծամորի՝ դեռ խորհրդային ժամանակաշրջանին կառուցուած աթոմակայանին:

«Թէեւ մենք չենք կրնար տրամադրել այլ երկիրներու հետ ԱՄՆ կառավարութեան բանակցութիւններու ներքին գործընթացին մանրամասնութիւնները՝ Միացեալ Նահանգները կ’ողջունէ Հայաստանի հետ քաղաքացիական միջուկային համագործակցութիւնը խորացնելու հնարաւորութիւնները»,- նշուած է պատասխանին մէջ։

«ԱՄՆ կառավարութիւնը չի կիսեր բանակցային գործընթացին մանրամասնութիւնները, բայց մենք կրնանք ըսել, որ Պետական Քարտուղարութիւնը պատշաճ ուշադրութիւն կը դարձնէ «123-րդ համաձայնագրին» միանալու Հայաստանի խնդրանքին»,- «Սիվիլնեթ»ին տուած գրաւոր մեկնաբանութեան մէջ ըսած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment