Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ի՞նչու Դժգոհ Են Լաւրովն ու Լուքաշենքոն

Ի՞նչու Դժգոհ Են Լաւրովն ու Լուքաշենքոն

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահ Փութին Պաքու կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ պիտի կապուի Հայաստանի վարչապետին հետ ու անոր պիտի պատմէ Ալիեւի հետ ունեցած բանակցութիւններու մասին: Այս դրական մօտեցումին անմիջապէս յաջորդեցին արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի ապատեղեկութիւն պարունակող մեղադրանքները եւ Մոսկուայի «բանբեր», Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հակահայ՝ վիրաւորական յայտարարութիւնները, որոնք չեն նպաստեր Ռուսաստան-Հայաստան կապերու պահպանման եւ ընդհակառակը, երկու երկիրները աւելի կը հեռացնեն իրարմէ:

Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարը Երեւանը մեղադրած է Սիւնիքով անցնող հաղորդակցութիւններու հարցով պայմանաւորուածութիւնները «սապոթաժի» ենթարկելու մէջ:

«Մենք կողմ ենք խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրման եւ կապուղիներու ապաշրջափակման: Ցաւօք, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Սիւնիքի մարզով անցնող կապուղիներուն, նոյն ինքն հայկական ղեկավարութիւնը սապոթաժի կ՛ենթարկէ համաձայնութիւնը, որուն տակ կայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրութիւնը»: Այս խօսքերու հեղինակը, որ մասնակից եղած է վերջին տարիներու բոլոր տխուր իրադարձութիւններուն, իրողութիւնները խեղաթիւրելով թերեւս կարողանայ շփոթեցնել իր երկրի անտեղեակ հասարակութիւնը, սակայն՝ ո՛չ Հայաստանի ժողովուրդը:

Լաւրով կ՛ակնարկէ 44-օրեայ պատերազմի աւարտին ստորագրուած յայտարարութիւններուն, որոնց տակ կայ Փաշինեանի ստորագրութիւնը: Սակայն հոն կան նաեւ Փութինի եւ Ալիեւի ստորագրութիւնները եւ այս երկուքը՝ անցնող չորս տարիներուն ամէն ինչ ըրին՝ այդ փաստաթուղթերը դարձնելու անիմաստ ու ժամանակավրէպ: Այդ համաձայնութիւններուն գլխաւոր կէտերը կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի յարակից հինգ շրջաններէն Հայկական զօրքերու դուրս բերման: Հայաստան կատարեց իր պարտաւորութիւնը, իսկ Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան ոտնակոխ ընելով միւս բոլոր կէտերը Արցախը ենթարկեցի հայաթափումի:

Երեւան միշտ ալ յայտարարած է, որ պատրաստ է ճանապարհները բանալու, սակայն չի կրնար զիջիլ իր ինքնիշխանութիւնը՝ որեւէ այլ երկրի: Պաքուի եւ Մոսկուայի ծրագիրը այն է, որ Հայաստան Զանգեզուրի վրայով անարգել ճանապարհ տրամադրէ դէպի Նախիջեւան եւ այդ անցքը հսկուի Ռուսաստանի կողմէ: Ըստ երեւոյթին« Լաւրովին անհանգստացնողը այն է« որ Պաքու  հրաժարած է«Զանգեզուրի միջանցքի» իր պահանջէն, այդպիսով ձախողութեան մատնելով նաեւ Ռուսաստանի ծրագիրները: Այն երկիրը, որ հակառակ իր ստանձնած յանձնառութեան Լաչինի միջանցը յանձնեց Ատրպէյճանին, պէտք չէ ակնկալէ, որ մէկ այլ միջանցք, այս անգամ բուն Հայաստանի հողին վրայ, վստահուի իրեն:

Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ դժգոհութիւն յայտնած է նաեւ Ռուսաստանի հետ միութենական պետութիւն կազմած  Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն, ըսելով թէ, «Որո՞ւն պէտք են հայերը՝ բացի մեզմէ, թող անոնք զարգացնեն իրենց տնտեսութիւնը, ի՞նչ Ֆրանսա, ի՞նչ Մաքրոն, Մաքրոնը վաղը չ՛ըլլար՝ բոլորը կը մոռնան Հայաստանի մասին»: Նոյն Լուքաշենքոն էր, որ տարիներ առաջ վստահօրէն կը յայտարարէր, որ «Նիկոլը երթալիք տեղ չունի, բացի միութենական պետութենէն»: Ինչպէս որ ան սխալեցաւ իր անցեալի յոխորտանքին մէջ, ան կը սխալի նաեւ այսօր: Հայաստան ոչ միայն գտաւ երթալիք տեղ, այլ եւ շատ մը յառաջադէմ ու ժողովրդվար երկիրներ այսօր Հայաստանի կողքին են ու կ՛աջակցին անոր՝ տնտեսապէս ու ռազմական գետնի վրայ:

Հայութիւնը պէտք չունի Ատրպէյճանի յաթանակներով ուրախացող Լուքաշենքոյին ու իր նմաններուն: Երեւան այժմ կը վարէ անկախ արտաքին քաղաքականութիւն, ելակէտ  ունենալով միմիայն իր ազգային շահերը: Անոնք որոնք դժգոհութիւն ունին  այս հարցով, պէտք է փոխեն ո՛չ միայն Հայաստանի նկատմամբ իրենց վերաբերմունքը, այլ եւ՝ իրենց վիրաւորական հռետորաբանութիւնը:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment