Եւրոմիութիւնը կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու Հայաստանի հետ, Նոյեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի կլիմայական համաժողովէն առաջ (COP29): Այս մասին կը յայտնէ պրիւսէլեան EUobserver-ը՝ յղում կատարելով Եւրոյանձնաժողովին։
«ժամանակն է վճռական քայլեր ձեռնարկելու կայուն եւ տեւական խաղաղութեան ճանապարհին։ Ատրպէյճանը պէտք է օգտագործէ COP-29-ի հնարաւորութիւնը Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար», – EUobserver-ին յայտնած է Եւրոյանձնաժողովի խօսնակը:
Մայիսին ԵՄ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ներկայացուցիչն ալ յայտնած էր, որ COP29-ը լաւ առիթ է Ատրպէյճանի համար` վերահաստատելու իր յանձնառութիւնը միջազգային իրաւունքին:
«COP29-ը Ատրպէյճանի համար հնարաւորութիւն է` վերահաստատելու իր հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքով ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ պայմաններ ստեղծելու ազատ ու անկախ քաղաքացիական հասարակութեան աշխատանքի համար»,- ըսած էր ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով մամուլի խօսնակը: