Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բագրատ Սրբազանը Փաշինեանի Հեռացման Համար Նոր Ժամկէտ Սահմանած Է

Բագրատ Սրբազանը Փաշինեանի Հեռացման Համար Նոր Ժամկէտ Սահմանած Է

by MassisPost

Վարչապետի հրաժարականին հասնելու համար պայքարի ելած Բագրատ սրբազանը Նիկոլ Փաշինեանի հեռացման համար հիմա նոր ժամկէտ սահմանած է՝ Սեպտեմբերը:

«Սեպտեմբերին տեղի է ունենալու այն, ինչ Մայիսի 9-ին հարիւր հազարաւոր մարդկանց մտքերի մէջ կար», – յայտնեց Բագրատ Գալստանյեանը:

Վերջին երկու ամսուան մէջ մարզային եւ բակային այցերով զբաղուած շարժման առաջնորդը կը պնդէ, թէ իրենք պատրաստուած են անոր, բայց մանրամասնութիւններ դարձեալ չի յայտներ:

«Մեզ համար վճռական կարեւոր օրեր են մեր դիմաց: Մենք նախապատրաստուելով բոլոր առումներով առաջ ենք գնալու», – յայտնեց Բագրատ սրբազանը:

Բարձրաստիճան հոգեւորականը պայքարը սկսաւ գարնան՝ Տաւուշի հատուածական սահմանազատման օրերուն. նախ կը պնդէր, թէ իրենց պայքարը սահմանազատման քօղի ներքոյ իրականացուած գործընթացին դէմ է, սակայն քայլերթով Երեւան հասնելուն պէս բազմամարդ հանրահաւաքին յայտարարեց՝ գլխաւոր նպատակը Փաշինեանի հեռացումն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment