Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հնչակեան Կուսակցութեան Կազմաւորումը Ժընեւի Մէջ Եւ Քսան Կախաղաններու Ժառանգութիւնը» Անգլերէն Գիրքի Հրատարակութիւնը

«Հնչակեան Կուսակցութեան Կազմաւորումը Ժընեւի Մէջ Եւ Քսան Կախաղաններու Ժառանգութիւնը» Անգլերէն Գիրքի Հրատարակութիւնը

by MassisPost

Հնչակեան կուսակցութիւնը առաջին յեղափոխական սոցիալիստա­կան կուսակցութիւնն էր Օսմանեան կայսրութեան եւ Պարսկաստա­նի մէջ։ Անոր բոլոր հիմնադիրներն ու տեսաբանները մարքսիստներ էին։ Ան հիմնուած է կովկասահայ վեց ուսանողներու կողմէ, որոնք Արեւմտեան Եւրոպա եկած էին գլխաւորաբար Փարիզի, Մոն­փելիէի, Լոզանի, Ցիւրիխի եւ Ժընեւի համալսարաններուն մէջ ուսա­նելու նպատակով։

Հնչակեան կուսակցութեան վերոնշեալ հիմնադիրներէն ոչ ոք Օս­ման­եան Թուրքիոյ քաղաքացի էր, սակայն անոնք գաղափարական սեւեռակէտ դարձուցած էին ազատագրել հայ ժողո­վուրդը օս­մանեան բռնատիրութենէն։ Այս նպատակին ծառայելու հա­մար անոնք 1886 թուականի վերջին քառորդին Ժընեւի մէջ կը հիմնեն «յեղափո­խական ընկերութիւն» մը, որու ծրագիրը 1887 թուականի առաջին քառորդին վաւերացնելէ ետք՝ կը հաստատեն կրանիթեայ անկիւնա­քարը հետագայ Հնչակեան կուսակցութեան։

Առկայ հատորը հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ նաեւ հնչակեան Քսան կախաղաններու իրադարձութեան, մանաւանդ անոր լայն ար­ձագանգին, որ մասնաւոր տեղ գտած է եւրոպական մամուլին եւ Կայ­սերական Գերմանիոյ դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ։ Գիրքը միաժամանակ ցայտուն կը դարձնէ պատմական այն փաստը, որ Քսան կախաղանները դառնալով առաջին զոհերէն Երիտթուրքերու նիւթած հայաջինջ ծրագրին՝ ստոյգ ահազանգ մըն էր հուսկ իրականացուող Հայոց ցեղասպանութեան։

Կազմ                 –       Փափուկ (Բ. եւ համալրուած տպ.)
ISBN                   –       978 9933 445 393
Չափ                   –       21 x 13,5 սմ.
Էջ                       –       216
Լուսանկարներ –       86
Կշիռ                   –       260 կրամ
Հրտ. տարի         –        Յուլիս 2024
Հրատարակիչ     –       Կիլիկիա հրատարակչատուն
Գինը                  ­–       20 ԱՄՆ տոլար

Ստանալու համար դիմել – www.ciliciabooks.com

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment