Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Յունուար-Յունիսին Շինարարութեան Ծաւալը 15,7 Տոկոսով Գերազանցած Է Անցեալ Տարուան Ցուցանիշը

Հայաստանի Մէջ Յունուար-Յունիսին Շինարարութեան Ծաւալը 15,7 Տոկոսով Գերազանցած Է Անցեալ Տարուան Ցուցանիշը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ 2024 թուականի Յունուար-Յունիսին շինարարութեան ծաւալները 15,7 տոկոսով գերազանցած են նախորդ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանին ցուցանիշը: Այդ մասին յայտնած է ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէն:

Հաշուետու ժամանակաշրջանին կատարուած է 202 միլիառ 15,5 միլիոն դրամի շինարարական աշխատանք: Յունիսին իրականացուած է 51 միլիառ 339,7 միլիոն դրամի շինարարութիւն, որուն ծաւալը 18 տոկոսով գերազանցած է 2023 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը:

Այս տարուայ առաջին կիսամեակին շինարարութեան 47,3 տոկոսը կատարուած է կազմակերպութիւններու միջոցներով եւ կը գնահատուի 95 միլիառ 611 միլիոն դրամ: Ծաւալը 6,5 տոկոսով պակաս է նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն:

Յունիսին կազմակերպութիւններու միջոցներով իրականացուած է շինարարութեան 49,5 տոկոսը՝ 25 միլիառ 428 միլիոն դրամի: Նախորդ տարուայ Յունիսին համեմատ աճը 12,9 տոկոս է:

2024 թուականի առաջին կիսամեակին պետական միջոցներով իրականացուած է շինարարութեան 21,1 տոկոսը՝ 42 միլիառ 570,9 միլիոն դրամի: Նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճը 58,8 տոկոս է: Յունիսին՝ անցեալ տարուայ նոյն ամսուան համեմատ աճը 22,6 տոկոս է: Այս տարուայ ամառուան առաջին ամսին պետական միջոցներով իրականացուած շինարարութեան ծաւալը կը կազմէ ընդհանուրին 25,6 տոկոսը եւ կը գնահատուի 13 միլիառ 136,2 միլիոն դրամ:

Զգալի է նաեւ բնակչութեան միջոցներով իրականացուած շինարարութեան ծաւալը, որ այս տարուայ Յունուար-Յունիսին կազմած է ընդհանուրին 27 տոկոսը՝ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճելով 58,2 տոկոսով: Աշխատանքներուն ծաւալը կը գնահատուի 54 միլիառ 578,2 միլիոն դրամ, որմէ 10 միլիառ 668,6 միլիոն դրամի շինարարութիւնը կատարուած է Յունիսին: Նախորդ տարուայ նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցուած է 57,5 տոկոսով:

Այս տարուայ առաջին կիսամեակին շինարարութեան 3,8 տոկոսն իրականացուած է համայնքներու (7 միլիառ 662,9 միլիոն դրամի), իսկ 0,8 տոկոսը՝ մարդասիրական օգնութեան միջոցներով (1 միլիառ 592,5 միլիոն դրամի):

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment