Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատախազը 7 Տարուան Բանտարկութիւն Պահանջած Է Հրայր Թովմասեանի Համար

Դատախազը 7 Տարուան Բանտարկութիւն Պահանջած Է Հրայր Թովմասեանի Համար

by MassisPost

4.5 տարուայ դատավարութիւնէն յետոյ դատախազը 7 տարուան բանտարկութիւն պահանջած է Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Հրայր Թովմասեանի համար։

2019-ին Թովմասեանի դէմ յարուցուած գործը կ’առնչուի անոր՝ արդարադատութեան նախարար եղած ժամանակահատուածին։ Ըստ անոր՝ Թովմասեանը այնպէս ըրած է, որ իր հետ քաւոր-սանիկական փոխյարաբերութիւններուն մէջ գտնուող անձի հետ միասին կրցած են Երեւանի Բաղրամեան 1 հասցէով գտնուող յայտնի նոտարներու շէնքին տարածքները գնել՝ նոտարները զրկելով այդ հնարաւորութենէն։ Անկէ յետոյ տարածքները նոտարներուն վարձով տուած են։ Ըստ իրաւապահներու, Թովմասեանը որպէս վարձակալութեան գումար ստացած է աւելի քան 11 միլիոն դրամ, բացի անկէ Հրայր Թովմասեանին փաստացի պատկանող տարածքներու նորոգման համար Նոտարական պալատի պիւտճէէն ծախսուած է աւելի քան 2 միլիոն դրամ։

Մեղքը չընդունող դատաւորի քրէական գործին մէջ մէկ խնդիր կայ. անոր փաստաբանները տարիներ շարունակ կը յայտարարեն, որ Բարձր դատարանի դատաւորը անձեռնմխելի է, եւ որ Դատախազութիւնը չէր կրնար առանց Սահմանադրական դատարանի համաձայնութեան՝ քրէական հետապնդում սկսիլ։ Փաստաբան Միհրան Պողոսեանը այս մասին ընդգծած էր։

Մինչդեռ, ըստ Դատախազութեան, նման խնդիր չկայ։ Դատախազութենէն աւելի վաղ «Ազատութեան» ըսած էին, որ քրէական այս գործը յարուցուած է 2015 թուականի փոփոխութիւններով Սահմանադրութեան գործողութեան ժամանակ, հետեւաբար քրէական հետապնդում իրականացնելու ատեն կը կիրառուին այժմ գործող օրէնքները: Այսինքն՝ 2015 թուականի Սահմանադրութիւնը, ի տարբերութիւն 2005 թուականի Սահմանադրութեան, Սահմանադրական դատարանի դատաւորի համար կը սահմանէ բացառապէս գործառութային անձեռնմխելիութիւն։ Եւ քանի որ մեղադրանքը որեւէ կապ չունի դատաւորի գործունէութեան հետ, հետեւաբար՝ Հրայր Թովմասեանին դատաւորի գործունէութենէն չբխող արարքի համար պատասխանատուութեան կանչելով անձեռնմխելիութիւն չի կիրառուիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment