Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայեացքը Դէպի Արեւմուտք Չթեքելու» Կոչով Համագումար Երեւանի Մէջ

«Հայեացքը Դէպի Արեւմուտք Չթեքելու» Կոչով Համագումար Երեւանի Մէջ

by MassisPost

Տնտեսութիւնը բազմազանեցնելու յայտարարութիւններուն, Ռուսաստանի հանդէպ հայաստանցիներուն աճող անվստահութիւնը փաստող հետազօտութիւններու եւ երկիրներու միջեւ տեւական լարուածութեան լոյսին տակ, Երեւանի կեդրոնին միջազգային համագումար կազմակերպուած է՝ հայեացքը դէպի Արեւմուտք չթեքելու կոչերով։

Հայաստանի իշխանութիւնները այս միջոցառման չէին մասնակցիր, ո՛չ Գործադիրէն, ո՛չ ալ Ազգային Ժողովէն հիւրեր կային։

Մինչ իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ քայլեր պիտի ձեռնարկեն Եւրոպայի հետ կապերը ամրացնելու, տնտեսութիւնն ու անվտանգութիւնը բազմազանեցնելու համար, Երեւանի մէջ համագումար կազմակերպողները, ըստ էութեան, Ռուսաստանի հետ աւելի խոր համարկման մասին կը խօսէին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment