Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին, ուր Հայաստանը ունի իր օրակարգը։
Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը՝ անդրադառնալով այն հարցին, թէ ո՞րն է Ատրպէյճանի նպատակը հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն մէջ եւ արդեօք Հայաստանը պիտի երթա՞յ զիջումներու, քանի որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ նոր պահանջներ դնել եւ կը պարտադրէ խաղի իր կանոնները։
«Մենք մեր օրակարգը ունենք, եւ բանակցութիւնները շարունակւում են: ԱԳՆ-ի վերջին յայտարարութիւնը կարդացի, որը նրա մասին էր, որ մեր օրակարգի կարեւոր կէտերից մէկը երկկողմանի ընդունուել է։ Կարծում եմ՝ սա շատ կարեւոր կէտ է բանակցութիւնների շարունակութեան համար»,- ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի պահանջով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը փոխելու վերաբերեալ հարցին՝ նախարարը ըսաւ, որ ՀՀ-ն իր Սահմանադրութիւնը կրնայ փոխել, երբ ՀՀ քաղաքացիները այդպէս որոշեն:
«Որեւէ երկրի պահանջով Հայաստանն իր Սահմանադրութիւնը չի փոխի։ Հայաստանը իր Սահմանադրութիւնը կը փոխի, թէ չի փոխի, դա Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործն է եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների, ժողովրդի, սահմանադիրի որոշելիքը»,- եզրափակեց Պապոյեան։