Թենիսի մարզուհի Էլինա Աւանեսեանը Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է: Ան այսուհետեւ պիտի ներկայացնէ Հայաստանը:
Մեծ սաղաւարտի յաջորդ մրցաշարքին՝ US Open-ին ան հանդէս պիտի գայ Հայաստանի դրօշին ներքոյ։ ԱՄՆ բաց ախոյեանութիւնը պիտի մեկնարկէ Օգոստոս 26-ին։
Աւանեսեանը մինչ այս կը ներկայացնէր Ռուսաստանը։ WTA դասակարգման աղիւսակին մէջ 21-ամեայ թենիսի մարզուհին կը զբաղեցնէ 58-րդ հորիզոնականը։