Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ծառայութիւնը աւարտելէ յետո ռուս սահմանապահները այն կը շարունակեն Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Իրան սահմանին, «Ազատութեան» գրաւոր հարցումին ի պատասխան յայտնած են Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն (ԱԱԾ)։
Կառոյցէն «Ազատութիւն»-ը, մասնաւորապէս, հետաքրքրուած էր՝ քանի՞ ռուս սահմանապահ ծառայութիւն իրականացուցած է «Զուարթնոց»-ի մէջ եւ դուրս գալէ յետոյ Հայաստանի մէջ պիտի շարունակե՞ն արդեօք ծառայութիւնը:
ԱԱԾ-էն թուաքանակի մասին տեղեկութեան տրամադրումը մերժած են՝ պնդելով, որ ատիկա պետական գաղտնիք է, իսկ ծառայութիւնը շարունակելու վերաբերեալ հակիրճ նշած են. «Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կնքուած 1992 թուականի պայմանագրի համաձայն՝ ՌԴ ԱԴԾ սահմանապահ վարչութեան զինծառայողները պետական սահմանի պահպանութիւն իրականացնում են Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի տեղամասերում»:
Օգոստոսի 1-էն «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ծառայութիւն կ’իրականացնեն միայն Հայաստանի ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերը: Իսկ որ այնտեղէն դուրս եկած ռուս սահմանապահները պիտի պահպանեն իրենց ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ, աւելի վաղ յայտարարած էր նաեւ ՌԴ Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան տնօրէնի թեկնածու Ալեքսանտր Պորթնիքովը։