Ֆրանսայի Ծերակոյտի՝ Օտարերկրեայ ազդեցութեան ուսումնասիրման յանձնաժողովը զեկոյց ներկայացուցած է՝ այլ հարցերու շարքին անդրադառնալով նաեւ Պաքուէն հնչող մեղադրանքներուն:
Ըստ զեկոյցին՝ Ատրպէյճանը նոր վտանգաւոր տարրեր կը բերէ միջազգային ասպարէզ, որ կը սպառնայ Ֆրանսային եւ կը վարկաբեկէ երկրին ժողովրդավարութիւնը։
«Հայաստանին Փարիզի աջակցութենէն յետոյ Ատրպէյճանը սկսաւ աշխուժօրէն թշնամանք դրսեւորել: Ատիկա կ’արտայայտուի Ֆրանսայի ներքին գործերուն միջամտելու փորձերով։ Ֆրանսացի նախարարները նշած են Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ աննախադէպ ճգնաժամը»,- ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։
Զեկոյցին համաձայն՝ Ատրպէյճանը Ռուսաստանի աջակցութեամբ եւ ոչ-պետական կառոյցներու միջոցով գործողութիւններ կ’իրականացնէ Ֆրանսայի դէմ եւ այդ գործողութիւնները կը տարածուին նաեւ ֆրանսական անդրծովեան տարածքներուն վրայ:
Բացի անկէ, ըստ փաստաթուղթին, Պաքուն նաեւ ապատեղեկատուական արշաւ կազմակերպած է Ողիմպիական խաղերուն դէմ։