Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հանդիպումները կը շարունակուին, մենք նաեւ պէտք է պատրաստենք մեր բնագիրը ատրպէյճանա-հայկական յարաբերութիւններու կարգաւորման պարագային։ «Sabah» թերթին տուած հարցազրոյցին այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտանը։
«Ի վերջոյ, մենք պիտի կարենանք իրականացնել դրական բնագիր, այն է՝ բանալ Հայաստանի հետ սահմանը»,- նշած է Ֆիտան՝ աւելցնելով, որ այս ուղղութեամբ աշխատանքները ներկայիս կը շարունակուին: