Հայաստանը դարձած է հնդկական զէնքի թիւ մէկ մեծ գնորդը, ինչ որ կը վկայէ Հնդկաստանի խորհրդարան Ելեւմուտքի նախարարութեան ներկայացուած տնտեսական տեղեկանքը։
«Նախկին խորհրդային հանրապետութիւն Հայաստանը Pinaka համազարկային կրակի ռէաքթիւ համակարգերու եւ Akash զենիթային հրթիռներու ձեռքբերման գործարքներ կնքելէ յետոյ դարձած է Հնդկաստանէն զէնքի ամենամեծ ներմուծողը»,- նշուած է տեղեկանքին մէջ։
Հնդկաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով` 2024-2025 ֆինանսական տարիներու կտրուածքով հնդկական սպառազինութիւններու Հայաստանի գնումներու ծաւալները հասած են 600 միլիոն տոլարի։