Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Սրբազան Շարժումը» Դրամ Կը Հաւաքէ

«Սրբազան Շարժումը» Դրամ Կը Հաւաքէ

by MassisPost

«Սրբազան Պայքար»-ի ֆինանսական դրութիւնը, կը պարզուի, լաւ չէ, այն աստիճան, որ անցած է համազգային դրամահաւաքին։

«Սիրելիներ, Սրբազան շարժումն աւելի ընդլայնելու, մեր աշխատանքները կազմակերպելու եւ չարիքի դէմ պայքարն աւարտին հասցնելու նպատակով բացուել են հետեւեալ հաշուեհամարները, որոնց կարող էք փոխանցումներ կատարել աշխարհի բոլոր երկրներից: Հաւաքուած գումարի եւ արուած ծախսերի մասին պարբերաբար կը տրամադրենք հանրային հաշուետուութիւն»,- նման յայտարարութիւն զետեղուած է շարժման ֆէյսպուքեան էջին եւ կից ներկայացուած է «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» հասարակական կազմակերպութեան հաշուեհամարը, որուն ալ պէտք է դրամով, եւրոյով, տոլարով եւ ռուպլիով փոխանցումներ կատարուին։

Թէ յատկապէս ինչ նկատի ունին «շարժումը աւելի ընդլայնել» ըսելով, մասնաւորապէս որուն համար ալ կ’ակնկալուի քաղաքացիներուն հանգանակութիւնը, պարզ չէ։ Գուցէ «ընդլայնիլ» ըսուածը հանգանակուած գումարներով հնարաւորինս շատ մարդիկ  դրամական խրախուսմամբ ներգրաւե՞լն է՝ գլխաքանակ ապահովելու համար։  Ամենազաւեշտականը, թերեւս,  յայտարարութեան  «չարիքի դէմ պայքարը աւարտին հասցնել» բառակապակցութիւնն է։ Փաստօրէն, արտերկրի մէջ ապրող, սրբազան շաժման համակիր  «իքս»  «սիրելին» կրնայ գումար փոխանցել յիշեալ հասարակական կազմակերպութեան, ակնկալելով որ այդ՝ դուրսի փողերը կը ծառայեն Հայաստանի ներսը «հակաչարիքային» գործընթացը  աւարտին հասցնելու  համար։ Արդ, հետաքրքրական է, թէ մինչեւ այժմ որքան գումար ծախսուած է նոյն այդ չարիքի դէմ պայքարին, որ, փաստօրէն, աւարտին հասցնել չեն յաջողած, հետեւապէս զայն աւարտելու համար դրամ պէտք է։ Շարժումը, թերեւս, հասարակութեան հետ անկեղծ ըլլալու համար նախ թող այդ՝ մինչեւ այժմ ծախածին մուրհակները  հրապարակէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment