Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Ու Պաքուի Միջեւ Համաձայնութիւնը Հնարաւոր Է, Բայց Կողմերը Պէտք Է Ծանր Փոխզիջումներու Երթան. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

Երեւանի Ու Պաքուի Միջեւ Համաձայնութիւնը Հնարաւոր Է, Բայց Կողմերը Պէտք Է Ծանր Փոխզիջումներու Երթան. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը մեծ յառաջընթաց արձանագրած եւ երկար ճանապարհ անցած են խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հարցով, յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի խօսնակ Մեթիու Միլըր՝ պատասխանելով ճեպազրոյցի ընթացքին լրագրողի հարցումին հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն վերաբերեալ, կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայնը»։ Միլըր նշած է, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ յորդորել կողմերուն խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հարցով:

«Երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը շատ մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ այդ երկիրներուն համար։ Այն մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան, տարածաշրջանի անվտանգութեան համար։ Մենք իրօք կը կարծենք, որ համաձայնութիւնը հնարաւոր է, բայց այն կը պահանջէ երկու կողմերէն կատարել բարդ ընտրութիւններ եւ երթալ ծանր փոխզիջումներու»,- նշած է Միլըր:

Անոր պնդմամ՝ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ կողմերը մղել դէպի վերջնական համաձայնութեան հաստատում եւ տարաձայնութիւններու հարթեցում: Ան յայտնած է, որ Ուաշինկթընի մէջ կողմերը արձանագրած են յառաջընթաց, սակայն տրամադրած են մանրամասնութիւններ:

«Մենք դեռ համաձայնութիւն չունինք եւ չենք ալ պատրաստուիր հանգստանալու մինչեւ հասնինք անոր»,- եզրափակած է Միլըր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment