Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անկախ Բոլոր Մարտահրաւէրներէն, Երեւանը Հաւատարիմ Է Կայուն Զարգացման Նպատակներու Խոստման․ Միրզոյեան

Անկախ Բոլոր Մարտահրաւէրներէն, Երեւանը Հաւատարիմ Է Կայուն Զարգացման Նպատակներու Խոստման․ Միրզոյեան

by MassisPost

Անկախ բոլոր մարտահրաւէրներէն, Հայաստանը հաւատարիմ է կայուն զարգացման նպատակներու խոստման, Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ կայուն զարգացման բարձր մակարդակի քաղաքական համագումարի նախարարական հատուածին մէջ, յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը։

Վերջին չորս տարուան մէջ Հայաստանը այն երկիրներու շարքին էր, որոնք ստիպուած էին դիմակայել բազմաթիւ ճգնաժամեր, ըսած է Արարատ Միրզոյեան՝ շեշտելով, որ մինչ Հայաստանը կը փորձէր միւս երկիրներուն նման յաղթահարել համաշխարհային համաճարակը, անոր զուգահեռ լայնածաւալ պատերազմը, յարձակումը Հայաստանի դէմ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակման եւ ցեղային զտումներու հետեւանքով շուրջ 115 հազար հայերու ներհոսքը Հայաստանի կայուն զարգացման նպատակներու իրականացման ուղղութեամբ գործադրած ջանքերը լուրջ վտանգի տակ դրին:

«Այնուամենայնիւ, անկախ բոլոր մարտահրաւէրներից, Հայաստանը հաւատարիմ մնաց կայուն զարգացման նպատակների խոստմանը եւ իր ժողովրդի համար իրական փոփոխութիւնների կեանքի կոչմանը՝ կառուցելով ամուր ժողովրդավարական հիմնարկներ, պաշտպանելով մարդու իրաւունքները եւ օրէնքի գերակայութիւնը, նպաստելով ընկերային ներառականութեան, սեռային հաւասարութեան եւ երիտասարդութեան հնարաւորութիւնների խթանմանը»,- յայտնած է Միրզոյեան՝ ընդգծելով, որ մարդը կեդրոնական դեր կը խաղայ ՀՀ կառավարութեան՝ 2030թ. օրակարգի իրականացման ջանքերուն մէջ:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը 2030թ. օրակարգի իրականացման եւ աւելի լաւ վերականգնելու ջանքերուն՝ «ոչ ոք թողելով ետեւը»:

«Մինչ մօտենում ենք ապագայի գալիք գագաթաժողովին, Հայաստանը պատրաստ է նպաստել հեռանկարային ապագայի եւ արդիւնքներին միտուած «ապագայի Պակտի» ընդունմանը»,- ըսած է Միրզոյեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment