Ռուսական կողմը շատ կ’ափսոսայ, որ Հայաստանը մասնակցած է Ուաշինկթընին մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին, յայտնած է Ռուսաստնաի արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։
Խօսելով անվտանգութեան ոլորտին մասին՝ Կալուզինը ընդգծած է, որ Հայաստանը կը մնայ ՀԱՊԿ անդամ, հանդէս կու գայ որպէս մասնակից ռազմական եւ ռազմատեխնիկական ոլորտներուն մէջ բազմաթիւ երկկողմ պայմանագրերու։ Բայց երեւանի մտահոգութիւնները քննարկելու կառուցողական մօտեցման փոխարէն, ցաւօք, անոնք այլ ճանապարհ ընտրած են, ըսած է Ռուսաստանի ԱԳՆ ղեկավարին տեղակալը։
«Հայաստանը կը նախընտրէ մեծցնել փոխգործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի կամ դաշինքի առանձին անդամներու հետ, յատկապէս ՆԱԹՕ-ի չափանիշերու ներդրման, սպառազինութեան գնման կամ համատեղ մարտական պատրաստականութեան միջոցառումներ իրականացնելու առումով, ալ չխօսելով Ուաշինկթընի մէջ ընթացող այս ռազմաքաղաքական դաշինքի գագաթաժողովին մասնակցելու մասին։ Այս ամէնը կրնայ յառաջացնել ոչ այլ ինչ, քան ծայրայեղ ափսոսանք»,- ըսած է ան:
Դիւանագէտին տեսանկիւնէն, «համագործակցութիւնը այդպիսի ընթացքներով խորացնելով անոնց հետ, որոնց նպատակը Ռուսաստանի «ռազմավարական պարտութիւնն» է, Երեւանը իր ձեռքով վտանգի կը դիմէ լրջօրէն ապակայունացնելու իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ, այդ շարքին՝ ի վնաս սեփական անվտանգութեան»։
Անոր խօսքով՝ Հայաստանի մէջ բանիմաց մասնագէտներն ու քաղաքական գործիչները կը հասկնան նման անշրջահայեաց քայլերու հնարաւոր վնասնրը։
«Իմ կարծիքով, «երկու աթոռի վրայ նստելու» փորձերու անիրատեսական ըլլալու մասին, թէկուզ եւ միւսը՝ տնտեսական ոլորտին մէջ, շատ յստակ արտայայտուած է Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը՝ ելոյթ ունենալով Մոսկուայի մէջ «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» համագումարին, անցեալ ամսուան վերջը, խօսելով Երեւանի եւրոձգտումներուն մասին՝ կապուած ԵԱՏՄ-ի մէջ ստանձնած անոր պարտաւորութիւններուն հետ»,- նշած է Կալուզինը։
Յաւելենք, որ Ուաշինկթընի մէջ ընթացող ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին մասնակցած է ոչ միայն Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը, այլեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողանը: