ՀՀ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի որդին՝ նախկին պատգամաւոր, Արտաշատի նախկին քաղաքապետ Արգամ Աբրահամեանը, կը մեղադրուի քաղաքապետ եղած տարիներուն պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ Արտաշատ համայնքի սեփականութիւն հանդիսացող հողատարածքը 6 միլիոն դրամով օտարելու համար:
2015-2017 թուականներուն Արտաշատի քաղաքապետի պաշտօնը զբաղեցուցած Արգամ Աբրահամեանը մեղադրանքը չ’ընդունիր, բայց չէ առարկած։
Աբրահամեանի պաշտպան Էմին Խաչատրեանի խօսքով՝ որեւէ ապացոյց չկայ, որ կը հիմնաւորէ, որ Արտաշատի նախկին քաղաքապետը կատարած է իրեն մեղսագրուող արարքը, սակայն հաշուի առնելով, որ քրէական վարույթներու քննութիւնը կրնայ տարիներ տեւել, Արգամ Աբրահամեանը մեղադրանքը չէ ընդունած, սակայն չէ առարկած, որպէսզի իր նկատմամբ քրէական հետապնդումը վաղեմութեան ժամկէտերը անցնելու հիմքով դադրեցուի։
Այս գործով մեղադրեալ է նաեւ Արտաշատի 14 տարուայ մէկ այլ քաղաքապետ Գագիկ Մուրատեանը: Ան եւս համայնքային գոյքը շուկայականէն էականօրէն ցած գնով մտերիմներուն օտարած է: