Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ-ն Մօտ Կանգնած Է Խաղաղութեան Պայմանագրին, ԱՄՆ Պիտի Օգնէ Զայն Իրագործելու Հարցով․ Սամանթա Փաուըր

ՀՀ-ն Մօտ Կանգնած Է Խաղաղութեան Պայմանագրին, ԱՄՆ Պիտի Օգնէ Զայն Իրագործելու Հարցով․ Սամանթա Փաուըր

by MassisPost

ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը եւ ԱՄՆ-ն պատրաստակամ են օգնելու Հայաստանին բարեկեցութիւն կառուցելու, ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու եւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու հարցերով։ Մամուլի ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսաւ ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան կառավարիչ Սամանթա Փաուըրը։

«Այսօր այստեղ եմ, քանի որ Հայաստանը հնարաւորութեան պատուհան ունի՝ կառուցելու բարեկեցութիւն, ամրապնդելու իր ժողովրդավարութիւնը եւ հասնելու այն խաղաղութեան, որուն մասին մարդիկ այսքան երկար ժամանակ երազած են։ ԱՄՆ ՄԶԳ-ն եւ ԱՄՆ-ն ընդհանրապէս պատրաստակամ ենք օգնելու Հայաստանին հնարաւորութեան այս պատուհանէն առաւելագոյն արդիւնք քաղելու հարցով:

2018 թուականին, երբ հայ ժողովուրդը ոտքի կանգնեց եւ փոփոխութիւն պահանջեց, այդ ժամանակէն ի վեր Հայաստանը զգալի յառաջընթաց արձանագրած է, խորացուցած է ժողովրդավարական բարեփոխումները, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ աւելի արձագանգող ըլլալ քաղաքացիներու կարիքներուն, ապահովել, ստեղծել տնտեսական հնարաւորութիւններ, որոնք նախապէս փտածութեան պատճառով անհնար էին»,- ըսաւ Սամանթա Փաուըր՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը տնտեսական աճի առաջատարներէն է տարածաշրջանին մէջ։

ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան կառավարիչին խօսքով՝ այսօր Հայաստանը մօտ կանգնած է խաղաղութեան պայմանագրին, որ կրնայ վերջ դնել տասնամեակներ շարունակուած հակամարտութեան։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններու ներկայացուցիչները կը շարունակեն բանակցութիւնները՝ ուղղուած հաշտութեան։ ԱՄՆ պիտի ընէ իրմէ կախուած ամէն ինչ՝ օգնելու, որպէսզի Հայաստանը պատմական այս պահը օգտագործէ»,- եզրափակեց Սամանթա Փաուըր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment