Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ ԱԱԾ-ի Նախկին Աշխատակիցները ՀՀ ԱԱԾ-ին Մէջ Համապատասխան Պաշտօններու Մէջ Աշխատելու Հնարաւորութիւն Պիտի Ունենան

ԼՂ ԱԱԾ-ի Նախկին Աշխատակիցները ՀՀ ԱԱԾ-ին Մէջ Համապատասխան Պաշտօններու Մէջ Աշխատելու Հնարաւորութիւն Պիտի Ունենան

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը կ’առաջարկէ իրաւական հիմքեր ստեղծել՝ Լեռնային Ղարաբաղի ԱԱԾ նախկին աշխատակիցները ՀՀ ԱԱԾ-ին մէջ համապատասխան պաշտօններու նշանակելու համար:

Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին նախագիծը ներկայացուց ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ Անդրանիկ Սիմոնեանը։

«Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան բազմաթիւ աշխատակիցներ ցանկութիւն են յայտնել ծառայութեան անցնելու Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան մարմիններում՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու պարագայում։ Ընդ որում, նրանց մի մասը Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան համակարգում զբաղեցրել են աւագ կամ գլխաւոր խմբի պաշտօններ եւ ունեցել են սպայական բարձր կոչումներ։ Հետեւաբար, վերջիններիս կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ձեռք բերելը դեռեւս բաւարար չի լինի Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան մարմիններում իրենց զբաղեցրած պաշտօններին համապատասխանող պաշտօնների նշանակելու համար»,- ըսաւ Սիմոնեան։

Նախագիծով կ’առաջարկուի լրացում կատարել ազգային անվտանգութեան մարմիններուն մէջ ծառայութեան մասին օրէնքի 19-րդ յօդուածին մէջ՝ սահմանելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան մէջ թափուր պաշտօն յառաջանալու պարագային ծառայութեան կրնան ընդունուիլ եւ պաշտօնին նշանակուիլ նաեւ 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-ի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի ԱԱԾ-ում պաշտօն զբաղեցուցած անձեր՝ հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անոնց ծառայութեան ժամանակահատուածը, զբաղեցուցած պաշտօնը եւ կոչումը։

«Նշեմ, որ նախագծի համաձայն՝ նշուած կարգաւորումը գործելու է ժամանակաւորապէս՝ մինչեւ 2025 թուականի Յուլիսի 1-ը։ Նախագծի ընդունումը դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԱԾ-ն նոր անահտերով համալրելու տեսանկիւնից, այնպէս էլ Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուած եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացած անձանց ընկերային եւ աշխատանքային իրաւունքների իրացման ծիրին մէջ»,- եզրափակեց Սիմոնեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment