Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանցիներուն Գրեթէ 84 Տոկոսը Կողմ Է Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագրի Ստորագրման

Ատրպէյճանցիներուն Գրեթէ 84 Տոկոսը Կողմ Է Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագրի Ստորագրման

by MassisPost

Ատրպէյճանի Ընկերաբանական հետազօտութիւններու կեդրոնի հարցումներուն համաձայն՝ ատրպէյճանցիներուն գրեթէ 84 տոկոսը կողմ է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման։

Հարցումին, թէ «կ’աջակցի՞ք արդեօք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման», հարցուածներուն 83,8 տոկոսը դրական պատասխան տուած է, 13,5 տոկոսը դէմ արտայայտուած է, 2,7 տոկոսը դժուարացած է պատասխանել։

Հարցումը կատարուած է Յունիս ամսուն, Ատրպէյճանի 12 շրջաններու մէջ, 1152 քաղաքացիներու շրջանակին մէջ։

Ընկերաբանական հետազօտութիւններու կեդրոնը յայտարարած է, որ «այս թեմայով կայացուած նախորդ հարցումներուն արդիւնքները մեզ թոյլ կու տան նշելու խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման հարցով հասարակութեան դրական միտումը»։

Հայաստանը կը յայտարարէ, որ պատրաստ է մէկ ամսուան մէջ ամբողջացնելու եւ ստորագրելու հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիրը, Պաքուն, սակայն, կը պնդէ՝ եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը չփոփոխուի, խաղաղութեան պայմանագրին կնքումը ուղղակի անհնար է։ Հայաստանը սա միջամտութիւն կը համարէ երկրի ներքին գործերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment