Թէեւ միջազգային մասնակցութիւնը խաղաղութեան բանակցութիւններուն վերջին ամիսներուն աւելի սահմանափակ եղած է, քան նախորդ երկու տարուան մէջ, մենք ուրախ ենք արձանագրելու հայ-ատրպէյճանական երկկողմ հանդիպումներու ընթացքին արձանագրուած յառաջընթացը:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյցին այս մասին ըսած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին:
Ան նշած է, որ պարբերաբար կ’այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան, ղեկավարներուն եւ միւս պաշտօնեաներուն հետ կարծիքներ կը փոխանակէ այն մասին, թէ ինչպէս լաւագոյնս օգտագործել հնարաւորութիւնները՝ նպաստելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման, ինչ որ կը նշանակէ ԵՄ բարձր մակարդակի աջակցութիւն Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։
«Մենք բարձր գնահատած ենք ղեկավարներուն եւ այլ պատասխանատու անձերուն հետաքրքրութիւնը տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացներուն եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացին մէջ յառաջընթացի մասին մեզ իրազեկելու հարցով։ Մենք նաեւ կարծիքներ փոխանակած ենք այն մասին, թէ ինչպէս լաւագոյնս գնահատել եւ աջակցիլ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւններուն։ Այդ իսկ պատճառով իմ այցերը նպաստեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու՝ ԵՄ բարձր մակարդակի ջանքերուն»,- ըսած է Քլաար։
«Այս ամէնը բարենպաստ պայմաններ ստեղծած է երկար սպասուած խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման համար, եւ, իմ դիտարկումներով, կողմերը այժմ աւելի քան երբեւէ մօտ են համաձայնագրի մը, որ քաղաքական կամքի առկայութեան պարագային կրնայ շատ շուտով ստորագրուիլ։
Պէտք է ողջունել նաեւ այն փաստը, որ այս գարունը վերջին տասնամեակներու ընթացքին եղած է տարածաշրջանի ամենահանգիստ ժամանակաշրջաններէն մէկը: Ես կը կարծեմ, որ կողմերը ճիշդ ուղիի վրայ են։ Յոյսով եմ, որ դրական զարգացումները կը շարունակուին, եւ շուտով ձեռք կը բերուին հետագայ յստակ պայմանաւորուածութիւններ եւ վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցներ։ Խաղաղութեան համաձայնագրի տարրերուն մեծ մասը արդէն համաձայնեցուած է, իսկ մնացած հարցերը, կը կարծեմ, հեշտութեամբ կարելի է լուծել: