Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Այսպիսի Բարեկամներ Ունեցողը, Թշնամիներու Պէտք Չունի

Այսպիսի Բարեկամներ Ունեցողը, Թշնամիներու Պէտք Չունի

by MassisPost

Մօտ երկու շաբաթ առաջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարած էր, որ  44-օրեայ պատերազմի նախապատրաստման մասնակցած են ՀԱՊԿ անդամ առնուազն երկու պետութիւն: Յունիս 12, նոյն ամպիոնէն դարձեալ անդրադառնալով այդ հարցին Փաշինեան յայտնեց, որ այլեւս երբեք Պելառուս պիտի չայցելէ, այնքան ժամանակ, որ անոր նախագահը  Ալեքսանտր Լուքաշենքոն է: Ոչ միայն ինք, ընդհանրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ մէկ պաշտօնական ներկայացուցիչ Պելառուս պիտի չայցելէ, ըսաւ վարչապետը:

Վերջին շրջանին Լուքաշենքոն սկսած էր հրապարակաւ խօսիլ Ատրպէյճանի յաղթանակին եւ այդ նպատակով Ատրպէյճանի նախագահին հետ իր ունեցած խօսակցութիւններուն մասին:

Փաշինեանի յայտնած այս կտրուկ դիրքորոշումներէն օր մը ետք, Ամերիկեան «Politico» քաղաքական հեղինակաւոր հանդէսը բացայայտեց որ իր տրամադրութեան տակ յայտնուած են գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ 2018-2022 թուականներուն` պատերազմական իրավիճակի սրման ժամանակ, Պելառուսը Ատրպէյճանին զէնք եւ ռազմական օգնութիւն տրամադրած է: Politico-ն` յղում ընելով պելառուսական կողմի դիւանագիտական եւ ռազմական փաստաթուղթերու արտահոսքին կը տեղեկացնէ, որ Պելառուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին օգնութիւնը կը ներառեր հին հրետանային զէնքի արդիականացում, ինչպէս նաեւ նոր սարքաւորումներու մատակարարում: Յօդուածագիրը կ’եզրակացնէ, որ Պելառուս այս քայլին չէր կրնար դիմել առանց Ռուսաստանի գիտակցութեան եւ հաւանութեան:

Հաւանական է, որ Փաշինեան տեղեակ էր Politico-ի փաստաթուղթերուն եւ այդ պատճառաւ ալ օր մը առաջ յայտնեց, որ այսուհետեւ չի կրնար մասնակցիլ ՀԱՊԿ-ի ժողովներուն եւ նոյն սեղանի շուրջ նստիլ անոնց հետ, որոնք 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, ընթացքին եւ անկէ յետոյ գործած են ՀԱՊԿ-ի անդամ Հայաստանի դէմ: Զարմանալի չէր, որ Ալիեւ առիթով մը յայտարարեց, որ Պաքուն ՀԱՊԿ-էն ներս աւելի շատ բարեկամներ ունի` քան Հայաստանը:

Այս բոլորէն ետք, Ռուսաստանի քաղաքական շրջանակները կը շարունակեն զգուշացնել, որ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալը չի նպաստեր Հայաստանի շահերուն:  Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան այս ամենէն վճռորոշ ժամանակաշրջանին, զինք դաւաճանող դաշնակիցները կր ձեւանան թէ իրենք աւելի լաւ գիտեն հայաստանի շահերը, ու խրատներ կը տեղացնեն` ամենօրեայ յաճախականութեամբ:

Այս բոլորը հարց կը յառաջացնեն, թէ ի՞նչու Ռուսաստան գնաց իր դաշնակիցին դաւաճանելու քայլին: Եթէ նպատակը  Փաշինեանի ժողովրդավար իշխանութիւնը  տապալելն էր, ձախողեցաւ ատոր մէջ, քանի որ Հայաստանի ժողովուրդը  պատրաստ չէ վերադառնալու 2018-ին նախորդող օրերուն ու անոր յոռի փառքերուն: Եթէ նպատակը տկարացնել էր Հայաստանը, որպէսզի ան պարտադրուած վազէ դէպի  Ռուսաստան-Պելառուս միութենական պետութիւն« հոն եւս Քրեմլին չկարողացաւ իրագործել այդ,  քանի որ Հայաստանի ժողովուրդը պատրաստ չէ զիջելու իր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:

Հայ ժողովուրդը այսօր աւելի ու աւելի կը հեռանայ Ռուսաստանէն, որուն համար միակ մեղաւորը Մոսկուան է,  որուն մեղսակցութեամբ հայաթափուեցաւ Արցախը ու Հայաստանի սահմաններ կ’ենթարկուին ամէնօրեայ ոտնձգութիւններու:

44-օրեայ պատերազմի պարտութեան պատճառները բազմաթիւ են ու բազմազան եւ տակաւին ոչ ամբողջութեամբ բացայայտուած: Politico-ի հրապարակումը բաւական լոյս կը սփռէ ՀԱՊԿ-ի խաղացած տխուր դերակատարութեան վրայ:

Խաղաղութեան օրակարգը առաջ մղելով հանդերձ Հայաստան մեծ մաշտաբով լծուած է նոր ու արդիական զինատեսակներ ձեռք ձգելու աշխատանքին: Անցած է ժամանակը երբ Հայատանին «արտօնուած» չէր բացի Ռուսաստանէն զէնք գնել այլ երկիրներէ: Այսօր տարբեր աղբիւրներէ տարբեր զինատեսակներ  ստանալով Հայաստան կ’ամրապնդէ իր պաշտպանական կարողութիւնները եւ այսուհետեւ պէտքը չունի ՀԱՊԿ-ի նման անհաւատարիմ դաշնակիցներու:

Ինչպէս  Politico-ի յօդուածագիրը կ’եզրակացնէ` Փութինի նման բարեկամներ ունեցողը, թշնամիներու պէտք չունի:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment