Գտնուելով Կովկասի սրտին մէջ՝ Եւրոպայի եւ Ասիոյ աշխարհագրական եւ գաղափարական խաչմերուկին, Հայաստանը կը գրաւէ իր պատմութեամբ, քայլարշավներով եւ խոհանոցով, գրում է հեղինակաւոր National Geographic-ի յօդուածագիր Էմիլի Լաշը «Ինչո՞ւ Հայաստանը պէտք է ըլլայ ձեր 2024 թուականի ճամբորդութիւններու ցուցակին մէջ» յօդուածին մէջ:
Հեղինակը կը նշէ, որ ատիկա լեռնային երկիր է, որու տարածքին կեսէն աւելին կը գտնուի ծովի մակարդակէն 900-էն 2000 մեթր բարձրության վրայ։
«Հայերը շատ կը հպարտանան իրենց լեզուով, սովորոյթներով եւ հաւատքով: Երկիրը առաջինը ընդունած է քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն՝ 301 թուականին: Հայ ժողովուրդի ժառանգութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն եկեղեցիներն ու վանքերը, իսկ Էջմիածինի տաճարը՝ երկրի հոգեւոր կեդրոնը, կը համարուի Երկրին վրայ հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիներէն մէկը»,- կը գրէ ան։
Լաշի կարծիքով՝ Հայաստանը եզակի վայր է, ուր կարելի է բացայայտել անցեալի գաղտնիքները։ Ան ամենատպաւորիչ յուշարձաններէն մէկը համարած է IX դարի Տաթեւի վանքը: Երկրի հարաւը կրնաք այցելել Խնձորեսկի քարանձաւային քաղաք եւ «Զօրաց քարեր» մեկալիթեան համալիր։ Հիւսիսը երկու վանքեր՝ Հաղպատը եւ Սանահինը, ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցուցակին մէջ, իսկ այդ կարելի է համատեղել Դեբեդ գետի վրայ լաստարկելուն հետ։
Տարուայ որեւէ եղանակին Հայաստանը պատրաստ է իր հիւրերուն իւրայատուկ բան առաջարկելու։ Մարտի վերջը կը սկսին ծաղկիլ ծիրանենիները, իսկ Երեւանի շուրջը ծաղկած այգիներուն մէջ կը կազմակերպուին ընթրիքներ։ Ամառը լաւագոյն ժամանակն է բարձրլեռնային շրջաններուն մէջ լեռնագնացութեամբ զբաղուելու կամ Դեբեդի գետահովտին մէջ մայրամուտը դիտելու համար:
Աշնան ամիսները հիանալի են գինիի սիրահարներուն համար։ Հայաստանի գինեգործական աւանդոյթները աւելի քան 6100 տարեկան են։ Տեղական աւելի քան 400 տեսակներէն կ’արտադրուին գինի եւ համաշխարհային մակարդակի մակնիշներ: Ձմռան կարելի է այցելել Ջերմուկի հանքային աղբիւրներ կամ դահուկներով սահիլ Ծաղկաձորի մէջ:
Հայաստանի կարեւորագոյն վանքերէն քանի մը հատը կը գտնուին մայրաքաղաքէն մէկ ժամուայ հեռաւորութեան վրայ. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցուցակին մէջ ընդգրկուած Գեղարդը քանդակուած է ժայռի մէջ, խոր Վիրապը կը գտնուի սարահարթի վրայ՝ Արարատ լեռան ստուերին, իսկ Զուարթնոցի տաճարը միջնադարեան ճարտարապետութեան հրաշալի օրինակ է։
Հեղինակը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է երկրի մշակութային մայրաքաղաքին՝ Կիւմրիին, որուն փողոցները լի են արուեստի պատկերասրահներով եւ արհեստանոցներով։ Անոնք կը ծանօթացնեն արհեստներու աւանդոյթներուն, ինչպիսիք են փայտի մշակումը, արծաթագործութիւնը եւ դարբնութիւնը: