Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մայր Աթոռը Կը Դատապարտէ Ցոյցերու Կազմակերպման Պատասխանատուութիւնը Եկեղեցիին Վերագրելու Պնդումները

Մայր Աթոռը Կը Դատապարտէ Ցոյցերու Կազմակերպման Պատասխանատուութիւնը Եկեղեցիին Վերագրելու Պնդումները

by MassisPost

«Խստիւ դատապարտում ենք Յունիսի 12-ին Երեւանում խաղաղ հաւաքի մասնակիցների նկատմամբ ձեռնարկուած ակնյայտ ապօրինի քայլերը եւ գործադրուած միջոցները, ինչի հետեւանքով ցուցարարների եւ ոստիկանների շրջանում կան բազմաթիւ տուժածներ, այդ թւում՝ մարմնական ծանր վնասուածքներով»,- նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Առաքելական եկեղեցւոյ գործադիր բարձրագոյն մարմինը՝ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը։

Խորհուրդը իշխանութիւններուն կոչ ըրած է զերծ մնալու բռնութենէն, ատելութիւն եւ թշնամանք սերմանելու մերժելի դրսեւորումներէն։

Այսօր Ազգային Ժողովին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ ընդդիմադիր շարժումը կ’առաջնորդեն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ու Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը։

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը նաեւ դատապարտելի համարած է իշխանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն կողմէ «հանրահաւաքներու կազմակերպման պատասխանատուութիւնը Եկեղեցիին վերագրելու անհիմն եւ ստայօդ լուրերու տարածումը»:

«Իշխանութիւնն ինքնին ոեւէ մէկի կամ որեւէ քաղաքական ուժի համար չպէտք է լինի սոսկ ձգտում, այլ առաջին հերթին՝ միջոց ժողովրդին եւ հայրենիքին խոհեմ, շրջահայեաց ու անձնուրաց ծառայութեան եւ խաղաղ ու ապահով կեանքի կերտման»,- յայտարարած է Առաքելական եկեղեցւոյ գործադիր բարձրագոյն մարմինը՝ ընդգծելով․ «Հաւատում ենք, որ հայրենիքի հանդէպ սէրը եւ պատասխանատուութիւնը պիտի հարթեն շաւիղները՝ համազգային մեր ներուժն ու բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դնելու Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեանն ու զօրացմանը եւ իրականութեան կոչելու ապագայի համընդհանուր մեր տեսլականը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment