Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Հանրապետութեան Ժողովուրդը Եթէ Ուզէ Կառավարութեան Փոփոխութիւն, Կ’իրականացնէ Զայն․ Փաշինեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Ժողովուրդը Եթէ Ուզէ Կառավարութեան Փոփոխութիւն, Կ’իրականացնէ Զայն․ Փաշինեան

by MassisPost

Իշխանափոխութեան եւ վարչապետի հրաժարականի պահանջ կը հնչեցուի ցուցարարներու կողմէ։ Ունի՞ մտավախութիւն այս հարցով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ազգային Ժողովի բակին մէջ լրագրողներու հարցադրումներուն ի պատասխան՝ վարչապետը ըսաւ՝ նոր բան չունի ըսելու, քանի որ աւելի վաղ այդ հարցումներուն արդէն պատասխանած է։

«Ընդդիմութիւնն ԱԺ ուրիշ բան պէտք է ներկայացնէր, ուղերձ է ներկայացրել։ Ես, ինչքան հասկացայ, իրենք չեն ընդունել իրենց ուղերձը, որովհետեւ ինձ ասացին, որ յանձնաժողովում գլխադասային քննարկման ժամանակ ոչ մի ընդդիմադիր պատգամաւոր չի եղել։ Ինչ վերաբերում է ընդդիմութեան պնդումներին, ես այսօր առաւօտից դահլիճում էի (նկատի ունի ԱԺ նիստի մասնակցութիւնը), չլսեցի, որ ընդդիմութիւնն ինչ-որ բան պնդէր, պիւտճէի կատարողականն էր քննարկւում»,- ըսաւ վարչապետը։

Անդրադառնալով հրաժարականի, այսպէս ըսած, պահանջին՝ ան նշեց, որ եթէ ՀՀ ժողովուրդը ուզէ կառավարութեան փոփոխութիւն, կ’իրականացնէ։

Վարչապետը նաեւ պարզաբանեց, թէ ինչու ոստիկանական մեծաթիւ ուժեր կեդրոնացուած են Ազգային Ժողովի տարածքին։

«ԱԺ բնականոն գործունէութիւնը պէտք է ապահովուի, նաեւ քաղաքացիների, այդ թւում՝ հաւաքի խաղաղ մասնակիցների անվտանգութիւնը»,- նշեց ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment