Երեւանի մէջ կայացած է Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան երկրորդ նիստը, որուն բերումով Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ:
ԱՄՆ վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան, ժողովրդավարութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան՝ 1991թ. Ալմա-աթայի հռչակագրին համապատասխան:
Աջակցութիւն Հայաստանի տնտեսական եւ ուժանիւթային դիմակայունութեան
Պատուիրակութիւնները քննարկած են աւելի սերտ համագործակցութեան միջոցով փոխադարձ բարգաւաճման, տնտեսական եւ ուժանիւթային դիմակայունութեան խթանման ուղղուած համատեղ ջանքերը՝ հաշուի առնելով 2024թ. Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստան-ԵՄ-ԱՄՆ բարձր մակարդակի համատեղ հանդիպման ժամանակ կայացած կարեւոր քննարկումները:
Ինչպէս կը նշուի յայտարարութեան մէջ՝ ԱՄՆ ՄԶԳ-ն մտադիր է աջակցիլ Հայաստանին մշակելու փոխադրութեան ռազմավարութիւն, որ պիտի դրուի Հայաստանի «Խաղաղութեան Խաչմերուկի» տեսլականի հիմքին:
«Միացեալ Նահանգները ընդունում է շարունակուող տնտեսական եւ ըկերային մարտահրաւէրները, որոնց բախւում է Հայաստանը՝ Լեռնային Ղարաբաղից տեղահանուած անձանց եւ փախստականներին աջակցելիս եւ մտադիր է շարունակել աջակցել այս ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան ջանքերին։ Միացեալ Նահանգները բարձր է գնահատում տեղահանուած անձանց եւ փախստականներին ապաստան տրամադրելու Հայաստանի ջանքերը, իսկ Հայաստանը երախտագիտութիւն է յայտնել ավելի քան 21 միլիոն տոլարի մարդասիրական աջակցութեան համար, որը Միացեալ Նահանգները տրամադրել է 2020 թուականի Սեպտեմբերից ի վեր Լեռնային Ղարաբաղից տեղահանուած անձանց եւ փախստականներին աջակցելու համար», – ըսուած է ԱԳՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Փոխշահաւէտ համագործակցութեան ամրապնդում՝ անվտանգութեան եւ իրաւապահ ոլորտներուն մէջ
Ամփոփիչ հանդիպման մասնակիցները, ըստ հաղորդագրութեան, ընդգծած են ԱՄՆ աջակցութեան կարեւոր դերը Հայաստանի պաշտպանական ոլորտի վերափոխման եւ իրաւապահ համակարգի զարգացման նախաձեռնություններուն մէջ, որոնց ԱՄՆ կը նախատեսէ շարունակել աջակցիլ խորհրդատուական ծրագրերով, բանակ-բանակ շփումներով, Միջազգային ռազմական կրթական ու ուսուցողական (IMET) ծրագրի միջոցով մասնագիտական ռազմական կրթութեան հնարաւորութիւններով եւ Կանզասի ազգային զօրքի հետ երկարաժամկէտ պետական համագործակցութեան ծրագրով:
«Միացեալ Նահանգները բարձր կը գնահատէ Հայաստանի շարունակական ներդրումը միջազգային խաղաղապահ առաքելություններուն մէջ եւ պատրաստակամ է խաղաղապահութեան եւ իրաւապահ մարմիններու զարգացման ուղղութեամբ յաւելեալ համագործակցութեան հարցով», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Արդարադատութեան, ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու խթանում
Պատուիրակութիւնները ամփոփած են արդարադատութեան ոլորտին մէջ շարունակուող համագործակցութիւնը՝ գնահատելով ԱՄՆ-ի նշանակալի ներդրումը Հայաստանի արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխումներուն միտուած ջանքերուն մէջ։ Երկուստեք ընդգծուած է մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու, օրէնքի գերակայութեան յարգման կարեւորութիւնը եւ յանձնառութիւն ստանձնած են համատեղ աշխատիլ այս ուղղութեամբ։ Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներուն եւ ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ Հայաստանի զարգացման նպատակին: