Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ես Կ’ողջունեմ Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Սահմանազատման Գործընթացին Յառաջընթացը. ԵԱՀԿ Նախագահ

Ես Կ’ողջունեմ Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Սահմանազատման Գործընթացին Յառաջընթացը. ԵԱՀԿ Նախագահ

by MassisPost

ԵԱՀԿ նախագահ Եան Պորկը ադրբեջանական ԱՊԱ գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ սահմանազատման հարցով յառաջընթաց կայ, ինչ որ կը նշանակէ քայլեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հնարաւոր խաղաղութեան համաձայնագրի ուղղութեամբ:

«Քաղաքական եւ անվտանգութեան իրավիճակը կայուն է կը թուի եւ երբեմն խոցելիութեան աստիճանը շատ յարաշարժ է, ուստի մենք պիտի շարունակենք ուշադիր հետեւիլ անոր։ Ըսելով այդ, եւ, չնայած զգալի մարտահրաւէրներուն, ես կը մնամ զգուշաւոր լաւատես: Այնուամենայնիւ, կայուն, երկարաժամկէտ կարգաւորումը դեռեւս կը պահանջէ լուրջ փոխզիջումներ եւ բաւարար քաղաքական կամք երկու կողմերէն՝ հասկնալով, որ հասարակութեան մէջ անհրաժեշտ են համարձակ քայլեր եւ գործնապաշտութիւն»,- ընդգծած է ան:

Վերջինս նկատած է, որ տեւական խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է մշտական երկխօսութիւն. «Ակնյայտ է նաեւ, որ կայուն կարգաւորումը աւելի պիտի ամրապնդուի միջազգային հանրութեան աշխոյժ, փոխլրացնող աջակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ: Օգտագործելով ԵԱՀԿ համապարփակ գործիքները եւ երկար տարիներու փորձը՝ մենք պատրաստ ենք օգնութիւն ցուցաբերելու եւ լրացնելու խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղուած ատրպէյճանցիներու եւ հայերու ջանքերը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment