ԱՄՆ գոնկրէսական Ճիմ Քոսթան յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները չէ օգտագործած Ատրպէյճանի վրայ ունեցած լծակները, երբ Ատրպէյճանը խախտած է բազմաթիւ պայմանաւորուածութիւններ Հայաստանի հետ։
Ճիմ Քոսթան այս մասին ըսած է Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին հարցերով յանձնաժողովի լսումներուն ժամանակ՝ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին։
«Ես չեմ կարծեր, որ մենք օգտագործած ենք մեր լծակները Ատրպէյճանի վրայ, երբ անոնք խախտած են Հայաստանի հետ իրենց շատ պայմանաւորուածութիւններ։ Ես նկատի ունիմ այն պաշտպանական համաձայնագիրը, որ մենք ունինք անոնց հետ։ Ես կը կարծեմ, որ այն, ինչ ըրած է Ատրպէյճանը, դատապարտելի է»,- ըսած է Քոսթան։
Գոնկրէսականը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտման։ Ան նշած է, որ այն, ինչ որ Ատրպէյճանը ըրած է Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերուն հետ, դուրս է բարոյականութեան բոլոր պատկերացումներէն։
Քոսթան յաւելած է, որ ԱՄՆ-ն Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած անձերուն օգնելու համար նախատեսուած աջակցութիւնը 15 միլիոն տոլարէն բարձրացուցած եւ հասցուցած է 65 միլիոն տոլարի, սակայն շեշտած է, թէ Հայաստանը լրացուցիչ 200 միլիոն տոլարի աջակցութիւն խնդրած է, ինչին վերաբերեալ Գոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբը նամակ յղած է պետական քարտուղարին։
Ի պատասխան գոնկրէսականի դիտարկումներուն՝ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը ըսած է, որ լաւագոյն բանը, որ կրնայ տեղի ունենալ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւնն է խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ։ Ան նշած է, որ ատիկա լաւագոյն ձեւով պիտի անդրադառնայ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ։
Ճիմ Քոսթան իր հերթին յայտնած է, որ այդ հարցով իր եւ պետական քարտուղարին դիրքորոշումները կը տարբերին․ «Պարոն պետական քարտուղար, կ’ենթադրեմ, այս հարցով մեր դիրքորոշումները կը տարբերին, ես Ատրպէյճանին չեմ վստահիր»,- յայտնած է Քոսթան։
Էնթընի Պլինքընը իր հերթին նշած է․ «Ինչպէս որ մէկը ժամանակ մը ըսած է՝ վստահիր, բայց ստուգէ»։