Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցած Է Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Սեյիտ Ալի Խամենէիի Հանդիպումը

Տեղի Ունեցած Է Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Սեյիտ Ալի Խամենէիի Հանդիպումը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ սեյիտ Ալի Խամենէիի հետ:

Վարչապետը ցաւակցութիւն յայտնած է Իրանի նախագահ սեյիտ Իպրահիմ Ռայիսիի, արտաքին գործերու նախարար Ամիր Հըսէյն Ապտըլլահեանի եւ անոնց ուղեկցող անձերուն զոհուելու առիթով: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Իրանի նախագահին եւ արտաքին գործերու նախարարին հետ շփումներէն ունի ջերմ յիշողութիւններ եւ նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ժողովուրդը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար դժուարին այս ժամանակահատուածին նեցուկ են լաւ բարեկամ եւ հարեւան պետութեան ու ժողովուրդին։

Սեյիտ Ալի Խամենէին շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին՝ Իրանի համար այս դժուարին ժամանակահատուածին այցելելու եւ յարգանքի տուրքի միջոցառման մասնակցելու համար:

Զրուցակիցները համոզմունք յայտնած են, որ Հայաստանը եւ Իրանը պիտի շարունակեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ընդլայնման ուղղուած քայլերը` ի նպաստ երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու յառաջընթացին:

Թեհրանի մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպում ունեցած է նաեւ Իրանի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Մոհամմադ Մոխպերի հետ:

Վարչապետ Փաշինեան իր եւ ՀՀ պատուիրակութեան անունով խոր ցաւակցութիւն յայտնած է Իրանի նախագահի պաշտօնակատարին, նախագահի տեղակալներուն, կառավարութեան անդամներուն եւ Իրանի ամբողջ ժողովուրդին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment