Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Ձեռնարկած Է Անհրաժեշտ Միջոցներ Աթոմակայանին Կեանքը Մինչեւ 2036 Երկարաձգելու Համար․ Միրզոյեանը՝ Կրոսիին

Հայաստանը Ձեռնարկած Է Անհրաժեշտ Միջոցներ Աթոմակայանին Կեանքը Մինչեւ 2036 Երկարաձգելու Համար․ Միրզոյեանը՝ Կրոսիին

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Վիեննայի մէջ հանդիպած է Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսսիի հետ, քննարկած է Հայաստանի աթոմային ելեկտրակայանի հետագայ ապահով եւ անվտանգ շահագործման հարցեր՝ Գործակալութեան առաջարկութիւններուն եւ չափանիշերուն համապատասխան:

Ըստ հայկական կողմին՝ Միրզոյեան նշած է, որ Հայաստանը, ելլելով հիւլէական ուժանիւթի կարեւորութենէն եւ ազգային առաջնահերութիւններէն՝ ձեռնարկած է անհրաժեշտ միջոցներ աթոմակայանին կեանքը մինչեւ 2036 թուականը երկարաձգելու համար՝ միաժամանակ ուսումնասիրելով նոր հնարաւորութիւնները։

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը բարձր գնահատած է Գործակալութեան կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնն ու փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը:

Միրզոյեանն ու Կրոսսին միտքեր փոխանակած են ուժանիւթի եւ առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ, մասնաւորապէս, ուռուցքաբանութեան ու ճառագայթային բժշկութեան բնագաւառներուն մէջ իրականացուող ծրագրերուն շուրջ:

Ատրպէյճանը տարիներ շարունակ կը պնդէ, որ հայկական աթոմակայանը վտանգ կը ստեղծէ տարածաշրջանին համար։ 2023-ի Հոկտեմբերին պարզուեցաւ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի դիմումներու յանձնաժողովը քաղաքացիներէն խնդրագիր ստացած էր՝ միջոցներ ձեռնարկել փակելու սահմանէն 16 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ Մեծամորի աթոմակայանը։ Դիմումին հեղինակները մտահոգութիւն հնչեցուցած էին, որ շահագործման ժամկէտի աւարտով պայմանաւորուած՝ աթոմակայանը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։

Պրիւքսէլ մէջ, Հիւլէական ուժանիւթի անդրանիկ գագաթաժողովին ժամանակ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախ յայտարարեց, որ հիւլէական ուժանիւթը Հայաստանի ռազմավարութեան անկիւնաքարն է, ապա շեշտեց՝ Հայաստանը աշխուժօրէն կը համագործակցի Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան հետ հիւլէական անվտանգութեան ապահովման հարցով՝ կատարելով իր բոլոր պարտաւորութիւնները։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment