ԱՄՆ Գալիֆորնիա նահանգ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակներուն մէջ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը հանդիպած է Սան Ֆրանսիսքոյի եւ յարակից շրջաններու հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Նախագահը իր ներածական խօսքին մէջ հակիրճ ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան ընդհանուր վիճակը եւ զարգացման միտումները։
Հանրապետութեան նախագահը մասնաւորապէս անդրադարձած է երկրի տնտեսական համակարգին մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի ներկայացուածութեան ու դերակատարութեան՝ նկատի ունենալով, որ հանդիպման ներկայ համայնքի ներկայացուցիչներու աշխատանքային գործունէութիւնը կ’առնչուի այդ բնագաւառին:
Նախագահ Խաչատուրեան մեծապէս կարեւորած է հայ համայնքին հետ հանդիպումները՝ ընդգծելով Հայաստանի Հանրապետութեան համար Սփիւռքի անփոխարինելի դերն ու նշանակութիւնը:
Նախագահը այնուհետեւ հարցուպատասխանի ժամանակ հանգամանօրէն անդրադարձած է իր այցի նպատակներուն, այցի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ու քննարկումներուն, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ խօսած է Սփիւռքի ներուժի լիարժէք օգտագործման անհրաժեշտութեան մասին։