Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարարութեան Մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան պետ, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը:
Քննարկուած են Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան հետեւողական զարգացման վերաբերող օրակարգային հարցեր: Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման, մարդասիրական ոլորտներուն մէջ համատեղ ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ կատարուող քայլերուն:
Զրուցակիցները անդրադարձած են տարածաշրջանային նշանակութեան հարցերուն, այդ շարքին՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներու լուծման ՀՀ կառավարութեան իրականացուցած քայլերուն: Միտքեր փոխանակուած են ՀՀ կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին վերաբերեալ:
Քննարկուած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: