Երեւանը կը հերքէ տեղեկութիւնները, թէ իբր պրիւքսէլեան հանդիպման ընթացքին յայտարարութիւններէն բացի, նաեւ փաստաթուղթեր ստորագրուած են։
Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը յայտնած է, որ Փաշինեան-վոն տեր Լեյեն-Պլինքըն ապրիլհինգեան հանդիպման ընթացքին գաղտնի օրակարգ չէ եղած։
«Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներում հրապարակուած թուղթը կեղծ է, նման հարցեր պրիւքսէլեան հանդիպման օրակարգում չեն եղել: Պրիւքսէլում քննարկուած հարցերի ամբողջ օրակարգն արտայայտուած է հանդիպումից յետոյ տարածուած համատեղ մամուլի հաղորդագրութեան մէջ: Մամուլի հաղորդագրութեան օրակարգից դուրս նշուած ցանկացած պնդում կեղծ է», – նշած է խօսնակը։
Անի Բադալեանը շեշտած է, որ ՀՀ-ԵՄ-ԱՄՆ բարձր մակարդակով հանդիպումը Հայաստանի դիմակայունութեան ու տնտեսութեան բազմազանեցման մասին էր, ինչին շուրջ անտեղի աղմուկ ստեղծուած է։